Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Անցեալ Կիրակի, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղանք Ապրիլեան Եղեռնի նահատակաց յիշատակին մատուցուած Ս. Պատարագին, նահատակներու մասին սրբազան հօր խօսած ներշնչուած քարոզին եւ կատարուած հոգեհանգիստին։

Այս առթիւ ուրախութեամբ նկատեցինք որ, Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը վերակազմուած է եւ անոր կը մասնակցին ծանօթ ազնիւ տիկիններ եւ օրիորդներ։ Մեր ուրախութիւնը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար, անտարակոյս, եթէ այս տիկիններուն եւ օրիորդներուն քով տեսնէինք նաեւ մեր երիտասարդները։ Դժբախտաբար, մէկ սկիզբէն, մեր երիտասարդներու ստուար մեծամասնութիւնը դպրաց դասերէն հեռու մնացած է եւ այսօր ալ կը մնայ։ Մենք խորապէս համոզուած ենք որ, մեր նորահաս սերունդը շատ բան ունի սորվելիք մեր եկեղեցիներէն ներս։ Մեր երիտասարդ տարիներուն, մենք ամէնքս ալ անխտիր, դպրաց դասերու մէջ մտած ու մասնակցած ենք մեր սուրբ արարողութիւններուն։ Այդպէսով մենք հասակ նետած եւ եղած ենք եկեղեցասէր եւ ազգասէր հայեր։ Անշուշտ, թէ Աթէնքի եւ թէ մեր միւս բոլոր եկեղեցիներու դպրաց դասերուն մէջ կան նուիրoւած երիտասարդներ, բայց, անոնց թիւը պէտք է շատ աւելի մեծ ըլլար։ Մենք անկեղծօրէն կը շնորհաւորենք Աթէնքի դպրաց դասի ազնիւ տիկիններն ու օրիորդները, իրենց այս ժեսթին համար։ Անոնք Կիրակի օր, իրենց ներդաշնակ ու գեղեցիկ երգեցողութեամբ վերացուցին մեզ։ Ու վստահ ենք որ, շատ մը ազգայիններ, այսուհետեւ կանոնաւորաբար պիտի յաճախեն եկեղեցի, մեր հրաշալի արարողութիւնները վայյելելու համար։ Ու նմանապէս վստահ ենք, որ վերոյիշեալ տիկիններու օրինակը վարակիչ պիտի ըլլայ եւ մօտ ատենէն անոնց թիւը պիտի բարձրանայ նոր տիկիններու, օրիորդներու եւ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Մենք չենք ուրանար այլ ձեռնարկներու եւս կարեւորութիւնը։ Բայց կը խորհինք թէ՝ եկեղեցին ըլլալով մեր ազգային գոյութեան գլխաւոր սիւնը՝ պէտք է ամէն զոհողութիւն յանձն առնել՝ զայն կանգուն ու փայլուն պահելու համար։

ԳԲՐ. Ս. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ