Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ապրիլ 26-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ազգ. իշխանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն-պատարագ եւ յուշահանդէս ի յիշատակ 1915-ի Ապրիլեան հայաջինջ Մեծ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներուն։

Յաւարտ Ս. պատարագի, որուն հոգեզմայլ երգեցողութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ադամեան»ի երկսեռ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ իր արժանաւոր խմբավարին՝ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ ապա պատշաճ յուշահանդէս։ Եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած էր նահատակներու դամբանը խորհրդանշող մահաբեմ մը, որուն վրայ, Ազգ. իշխանութիւնը՝ ամբողջ համայնքին կողմէ զետեղած էր գեղեցիկ ծաղկեպսակ մը, իսկ անոր չորս անկիւնները, եկեղեցական արարողութեանց ինչպէս նաեւ սգահանդէսի ամբողջ տեւողութեան, Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդ անդամներ պատուոյ պահակ կեցած էին, խորապէս տպաւորելով սգակիր ժողովուրդը, որ խուռներամ փութացած էր եւ լեցուցած եկեղեցին։ Օրուան նախագահ պրն. Արամ Թագւորեան, հակիրճ խօսքերով հանդէսին բացումը կատարելէ ետք, Ազգ. Իշխանութեան ատեանպետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Ապրիլեան Եղեռնի տարեդարձը կը տօնուի համազգային գետնի վրայ, համագործակցական եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ, ինչ որ կը հրճուեցնէ մեր անշիրիմ նահատակներու հոգիները։ Հ. Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութեան կողմէ ընկ. Վահէ Աւետիսեան կարդաց ներշնչուած ուղերձ մը, ուր կը կրկնուէր գաղափարապաշտ երիտասարդութեան ուխտը՝ հաւատարիմ ժառանգորդը ըլլալու նահատակներու կտակին։ Երգչախումբը շատ յաջող կերպով մէջ ընդ մէջ երկգեց «Անոնց համար որ ինկան»ը, «Տէր Կեցո»ն եւ «Տէր Ողորմեա»ն։ Խոր ապրումով արտասանեցին՝ օր. Արաքսի Աբելեան, օր. Ժերմէն Քիրեճեան եւ ընկ. Յակոբ Գասապեան։ Ապա յաջորդաբար խօսք առին՝ օրուան գլխաւոր բանախօս պրն. Արամ Էսկիճեան, եւ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան։ Ապա երգչախումբի «Հայր Մեր»ով եւ արժ. Տէր Ղուկաս հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ սգատօնը։