Օգտուելով ընկեր Արշաւիր Շիրակեանի Աթէնք կարճատեւ այցելութենէն, Երիտ. Կեդր. Վարչութիւնը, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ եղան՝ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութեան բոլոր խումբերու անդամները եւ մեծ թիւով ընկերներ Աթէնքի եւ Բիրէայի շրջաններէն։
Ընկեր Օ. Զաքարեան, հաւաքոյթին բացումը կատարելով ըսաւ. «Ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, այս օրերուս մեր ժողովուրդը կþոգեկոչէ Ապրիլեան Եղեռնի նահատակները, եկեղեցական թէ աշխարհիկ արարողութիւններով եւ հանդիսութիւններով։ Առաջին Աշխարհամարտը ճակատագրական եղաւ մեր ժողովուրդին համար։ Մեր դարաւոր թշնամին, առիթը յարմար նկատեց, զանգուածօրէն բնաջնջումի ենթարկելու մեր ժողովուրդը։ Այս կապակցութեամբ, պատերազմի առաջին օրերուն իսկ կայացաւ գաղտնի ժողով մը Կ. Պոլսոյ մէջ, նախագահութեամբ ներքին գործոց նախարար Թալէաթի եւ մասնակցութեամբ՝ Էնվէր, Ճեմալ, Սայիտ Հալիմ փաշաներու, Պեհաէտտին Շաքիրի, Ճամպոլաթի եւ այլոց։ Ժողովը ստեղծեց յատուկ կազմակերպութիւն մը, որ պիտի իրագործէր իր բոլոր մանրամասնութեանց մէջ, թուրք կառավարութեան հայաջինջ ծրագիրը։ Այս կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը յանձնուեցաւ Թեֆիկ Ռիզայի, որ իբր գործակից ունենալով յայտնի չարագործներ, լծուեցաւ աշխատանքի։ Արդիւնքը եղան՝ մէկ միլիոնէ աւելի զոհեր,- մեր ծաղիկ մտաւորականութեան նահատակութիւնը, նիւթական անհաշուելի կորուստներ, անհատական թէ ազգային։ Պատերազմը աւարտեցաւ, փոթորիկն անցաւ եւ կը սպասուէր թափուած հայ արիւնի հատուցումին՝ յաղթական Դաշնակիցներէն, որոնց «փոքրիկ դաշնակից»ը կը նկատուէր Հայաստան։ Արդա՞ր էր նման ակնկալութիւն մը։ Արդա՛ր էր, բայց, ո՛չ-ձեռնտու դաշնակիցներուն համար, որոնք իրենց սեփական շահերուն զոհեցին հայ ժողովուրդը, զայն ենթարկելով դառն յուսախաբութեան»։ Ընկեր Զաքարեան ապա հրաւիրեց հայ ժողովուրդի արի եւ պատուական զաւակը ընկեր Շիրակեանը, որ քանի մը դրուագ պատմէ իր գործունէութենէն։ Ընկեր Շիրակեանի երեւումը ողջունուեցաւ երկարատեւ ծափերով։