Ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վերնէյի (Աշոտ Մալաքեան) վերջին ժապաւէնը՝ «Հարիւր հազար տոլար արեւուն տակ» ընտրուած է Գանի շարժանկարի փառատօնի վարչութեան կողմէ, մասնակցելու այս գարնան միջազգային մրցումին։
Թրիւֆոյի մէկ ժապաւէնը եւ Մալաքեանի այս գործը պիտի ներկայացնեն ֆրանսական շարժանկարը երկու կարճ փաստանկարներով։ Անրի Վերնոյ այս վերջին ֆիլմին արտաքին տեսարանները դարձուցած է Մարոք եւ Ամերիկա։ Իր այն նոր յաջողութիւնը կուգայ անգամ մը եւս ապացուցանել թէ՝ Աշոտ Մալաքեան Ֆրանսայի ներկայ լաւագոյն սակաւաթիւ բեմադրիչններէն է, ծանօթ շարժանկարի արուեստին՝ բեմադիրի արհեստին ու նաեւ հանրութեան պահանջին։
Քանի մը օր առաջ, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է ծանօթ արուեստագիտուհի՝ դաշնակահար եւ ուսուցիչ Մարի Ոսկան-Գանթար։ Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Ապրիլ 13ին Պէյողլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուրկէ մարմինը փոխադրուած է Շիշլիի գերեզմանատունը։ Ողբացեալ արուեստագիտուհին իր ամբողջ հարստութիւնը (կալուած-ժառանգ եւ դրամ) կտակած է Կեդրոնական վարժարանին եւ Ղալաթիոյ եկեղեցիին։ Իր ամուսինն ալ՝ Յակոբ Գանթարեան, յետ մահու, նոյն կտակը ըրած է։ Մարի Ոսկանի փափաքը եղած է որ իր անունով հաստատուի ֆոնտ մը, եւ ձգած հարստութեան եկամուտով, Կեդրոնականէն ընթացաւարտ խոստմնալից երիտասարդներ իրենց մասնագիտութիւնը կատարելագործեն Թուրքիա կամ արտասահման։
Երկու տարիէ ի վեր, Ֆիլատելֆիոյ Հ.Յ.Դ. Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, տասնըհինգօրեայ հայերէն ձայնասփռումներ կը կատարուին տեղւոյն Ձայնասփիւռի կայանէն։ Միշտ հիմնական նպատակ ունենալով հայը եւ հայեցին, Ֆիլատելֆիոյ Դաշնակցական Կոմիտէի ընկերները ձայնասփռումի յայտագրերուն կուտան համազգային դրոշմ եւ նկարագիր։