Հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի վերջընթեր դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 8-ին, Չորեքշաբթի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Հայկազեան քոլեճի տնօրէնութեան:
Նիւթը մատչելի ըլլալով՝ շատ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ: Հայ լեզուի բարդ բառերու կազմութեան վրայ ծանրացաւ առաւելաբար՝ զանոնք բաղդատելով հնդեւրոպական այլ լեզուներու եւ մասնաւորաբար ֆրանսերէնի բառերու կազմութեան հետ: Հայերէնի մէջ երբեմն երկիմաստ բայարմատներ գոյութիւն ունին, օրինակ՝ ըսենք փայտահար (փայտահատի իմաստով) ներգործական է, իսկ ընդհակառակն, կրաւորական է, երբ նոյն հիմնաբառին կը հանդիպինք արեւահար բարդութեան մէջ: Այսպէս՝ երկիմաստ է այս անգամ ռամկավար բարդ բառը: Ռամի՞կը վարող, թէ ռամիկով, ռամիկին կողմէ վարուող: Կարեւոր հարց մըն է նաեւ ածականներու գործածութիւնը: Այստեղ եւս անհրաժեշտ է հետեւիլ կանոնին: Եթէ բնորոշուող գոյականը քանի մը ածականներ ունի, նախ կը դնենք անմիջական եւ անառարկելի իմաստը բնորոշող ածականը, ապա միւս երկրորդական եւ վիճելի ածականները: Օրինակ՝ կապոյտ եւ աղուոր գլխարկ: Այս նախադասութեան մէջ վիճելի չի կրնար ըլլալ, թէ այդ գլխարկը կապոյտ չէ, բայց շատեր կրնան առարկել անոր աղուորութեան մասին: Տրամաբանական այս շարադասութիւնը որպէս կանոն կ՛ընդունինք նաեւ ենթակայի եւ ստորոգելի գործածութեամբ, երբ ուզենք նախադասութիւն մը կազմել: Այս կանոնը պէտք է գործադրուի լեզուի գեղեցկութեան համար: Հայ լեզուն հարուստ է, իսկ բոլոր բառերը ունին իրենց մասնաւոր եւ յատուկ նուրբ իմաստները: Եռարմատ բառերը հայոց լեզուն չ՛ընդունիր եւ խորթ կը նկատէ, այսպէս՝ օդերեւութաբանութիւն, բառը մեր ականջին լաւ չի հնչեր: Հայերէնը ասոր համար ալ կրցած է հնարք մը գտնել. օրինակ՝ կ՛ըսենք ժամացոյց, իսկ ժամացոյցը նորոգողին փոխանակ ժամացուցագործ ըսելու, կ՛ըսենք ժամագործ. իմաստը քիչ մը կը տուժէ, բայց լեզուն կը շահի: Այսպէս, հարուստ օրինակներով եւ հիացական արտայայտութիւններով վերջ գտաւ դասախօսութիւնը: