Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ «Ճիւմհուրիէթ» թրքական թերթին մէջ Պիւրհան Ֆելեք կը գրէ.- Ֆրանսական նշանաւոր շաբաթաթերթը՝ «Փարի Մաչ», իր վերջին թիւերէն մէկուն մէջ կը նկարագրէ ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի Երեւան այցելութիւնը:

Գացեր է իր ծերունի մեծ մայրը տեսնելու, եւ այս առիթով տխուր, սրտառուչ նկարներ հրատարակուեր են: Անշուշտ մարդկային է այս: Երեւանի մէջ 92 տարեկան ծեր մամիկ մը, որ իր թոռը չի ճանչնար անգամ, բնականաբար պիտի լան, պիտի փղձկին, ֆիլան, ֆալան...: Մինչեւ հոս աղէկ: Միայն թէ մամուն եւ թոռան ողջագուրումը պատկերացնող նկարին մէկ անկիւնը քանի մը տողեր կան, թարգմանենք զանոնք.- «Տիկին Ազնաւուրեանին զաւակը իր երիտասարդ կնոջ հետ 1923-ին Հայաստանէն փախած է թուրքերու զուլումէն փրկուելու համար»: Խիղճ ունեցիր, պարո՛ն: Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ Շ. Ազնաւուրի հայրենիքը, Երեւան, 1828-ին գրաւուած էր ռուսերու կողմէ: Չըլլա՞յ թէ ռուս բառին տեղ սխալմամբ «թուրք» գրած ըլլաք: Կը հաւատանք, թէ նոյնինքն Շ. Ազնաւուր, որ դեռ վերջերս Թուրքիա եկաւ, տեղեկութիւն չունի այս ծանր սխալէն: Չենք ուզեր սակայն լուռ անցնիլ այդ սխալին վրայէն, եւ կը զարմանանք, որ ամբողջ աշխարհի մէջ սպառում ունեցող պարբերական մը ինչպէ՛ս կը գործէ այդպիսի սխալ մը: Քիչ մը պատմութիւն, աշխարհագրութիւն չե՞ն գիտեր արդեօք: Կը խորհինք, թէ ուրիշներ ալ զգուշացուցած են «Փարի Մաչ»-ը:

Պոլսոյ վերջին թղթաբերէն (Ապրիլ 7) կ՛իմանանք թէ Սասունի մէկ գիւղին մէջ ամբողջ հայ սիւրիանիները իսլամացան։ Այս անհաւատալի լուրը պիտի ուզէինք, որ թրքական «մասալ» մը ըլլար, թէեւ տրուած մանրամասնութիւնները պատրանք չեն թողուր: «Հիւրրիէթ» կը գրէ.- Սասունի Աճառ գիւղին մէջ ամբողջ սիւրիանի հայերը իսլամացան, Պաթմանի միւֆթիին, Ալաէտտին Եաւուզի ներկայութեան: Իսլամացողները 88 հոգի են, 48-ը՝ տղայ, քառասունը՝ կին եւ այր, որոնք կը բնակին նախապէս քրիստոնեայ այդ գիւղին մէջ եւ իրենց կրօնափոխութեան պատճառով փոխեցին իրենց անուններն ալ եւ մզկիթի վերածեցին իրենց դարաւոր եկեղեցին: