Ամերիկեան թերթ՝ «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր»ի թղթակից Փոլ Ուոլ, որ վերջերս Հայաստան եւ Վրաստան այցելած էր, իր տպաւորութիւնները հրատարակած է այդ թերթի Ապրիլ 2-ի թիւին մէջ:
Փոլ Ուոլ ի միջի այլոց կը գրէ. «Հայերը հպարտ են իրենց մայրաքաղաք Երեւանի շինարարական վերելքով, սակայն քաղաքի բնակչութեան գրեթէ կէսը կը բնակի հողաշէն ստորերկրեայ հիւղակներու մէջ, որոնք հակասութիւն մը կը կազմեն գեղեցիկ շէնքերու հետ: «Երեւանի բնակչութեան տրամադրութիւնը կարելի չէ «երջանկութեամբ» թարգմանել: Շինարարութիւնը տեսանելի է, գոյութիւն ունի. սակայն ամսական 110 ռուբլի շահող բանուոր մը ինչպէ՛ս պիտի կարենայ մասնավճարներ տալ‘ նոր բնակարան ունենալու համար: Առանց «սեւ շուկայ»-ի գոյութեան‘ անըմբռնելի պիտի ըլլար ատիկա: «Հայերը կը նախընտրեն իրենց զաւակները ղրկել ռուսական վարժարաններ եւ համալսարան‘ «անոնց ապագան ապահովելու համար»: «Ժողովուրդը կը գանգատի մշակութային այն սահմանափակութենէն, որ կ՛ընծայուի խորհրդային իշխանութեանց կողմէ: Հայերը, պալթեան ժողովուրդներու նման, գիտեն, թէ խորհրդային սահմանէն անդին գոյութիւն ունեցող ազատ աշխարհի մէջ կեանքը հետաքրքրական է եւ այլազան: Անոնք համակերպած են խորհրդային վարչակարգին, սակայն վերջնական չեն նկատեր զայն:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է «Հայ ժողովրդական հէքիաթներու Դ. հատորը։ Այս հատորը կը բովանդակէ պատմական Շիրակի, Բասէնի, Ջաւախքի ժողովրդական հէքիաթները։ Գիրքը ունի յառաջաբան, լայն ծանօթագրութիւններ, բառարան եւ ցանկ։ Վերոյիշեալ հատորը կազմած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մ. Մկրտիչեան։
Հայաստանի ծանրորդներու խումբը մեկնած է Պարսկաստան՝ տեղւոյն մարզիկներուն հետ մրցելու համար։ Հայ մարզիկները Թեհրան պիտի մնան վեց օր։