Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Նիւ Եորքէն կը տեղեկացնեն մեզի, թէ Եդուարդ Սահակեան ընդունելութիւն մը կազմակերպած է հոն՝ ի պատիւ Նիւ Եորքի 1964-1965 Միջազգային ցուցահանդէսի հայկական ժողովրդական փառատօնի յանձնախումբին, «Սթաթլըր-Հիլթըն» պանդոկին մէջ, Մարտ 25-ին:

Ներկայ եղած են Լուսին Ամարա՝ Մեթրոփոլիթըն օփերայի երգչուհին եւ Անահիտ Աճեմեան՝ ջութակահար, որ վերջերս մշակութային փոխանակութեան ծրագրի հիման վրայ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ գեղարուեստական շրջապտոյտ մը կատարած էր: Ծանօթ լրագրող եւ արաբական մամուլի լրագրող Լեւոն Քէշիշեան, որ ներկայ էր այս հաւաքոյթին, 250 տոլար նուիրեց յօգուտ յանձնախումբին: Առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան եւ Ճեք Չատըրճեան կը ներկայացնէին Ամերիկայի հայ առաքելական եկեղեցին: Այս առիթով փառատօնի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Պապայեան տեղեկութիւններ տուաւ միջազգային ցուցահանդէսի հայկական օրուան յայտագրին եւ կատարուած աշխատանքներուն մասին: Գոհունակութեամբ շեշտեց, թէ երիտասարդութիւնը խանդավառ մասնակցութիւն կը բերէ աշխատանքներուն, եւ պարզեց անհրաժեշտութիւնը նաեւ նիւթական միջոցներու: Հայկական փառատօնը երկու յայտագրերով պիտի իրականանայ: 1964 Մայիսի 31-ին՝ Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսի Սինկըր Պրուլ Արինային մէջ պիտի ներկայացուին հայկական ժողովրդական պարեր եւ երգեր՝ երգչախումբերու եւ պարախումբերու, ինչպէս նաեւ յայտնի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Յաւելուածաբար՝ համանուագային երաժշտահանդէս մը, երգչախումբի եւ յայտնի մեներգողներու մասնակցութեամբ, պիտի ամբողջացնէ երեկոյեան հանդիսութեան յայտագիրը:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց՝ թէ Թուրքիա բնակող 300 հելլենահպատակներու հրահանգուած է իրենց գործերը դադրեցնել կամ 15 օրուան ընթացքին լուծարքի ենթարկել, համաձայն 34 տարիէ ի վեր ի զօրու եղող օրէնքի մը, որ օտարահպատակներուն կþարգիլէ որոշ արհեստներով զբաղիլ։