«Հայ ակումբ»ի նախաձեռնութեամբ մեծ հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի տուաւ դասախօսութիւն մը Լիբանանի մէջ, ի ներկայութեան մեծ թիւով մտաւորականներու:
«Հայ ակումբ»ի վարչութեան ատենապետ Փասքալ Փապուճեանի բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօս փրոֆեսէօրը եւ սահուն արեւմտահայերէնով մօտ մէկ ժամ խօսեցաւ «Հնդեւրոպական լեզուներու եւ այդ լեզուախումբին մէջ հայերէնի, մասնաւոր տեղին մասին»: Այդ առթիւ ուրախութեամբ շեշտեց, թէ հայ լեզուաբանները մեծապէս նպաստած են համեմատական քերականութեան եւ փոխադարձաբար՝ համեմատական քերականութիւնը տուած է բարիքներ, որոնց շնորհիւ կարելի դարձած է լեզուներու եղբայրակցութիւնը ճշդել, բառերու փոխառութիւնները, ժամանակի ընթացքին անոնց կրած փոփոխութիւններն ու կատարուած տառաշրջումները մատնանշել: Հնդեւրոպական լեզուները ծագում առած են լատիներէնէն, իսկ լատիներէնը իր կարգին փոխառութիւններ կատարած է հին յունարէնէն: Հետեւաբար ֆրանսերէն, իտալերէն, սպաներէն եւ ռումաներէն եւ այլ լեզուներու քննութեանց ընթացքին կու գանք այն յստակ եւ որոշ եզրակացութեանց, թէ բոլոր կատարուած աղաւաղումներով հանդերձ, անոնք նոր երեւոյթներն են լատիներէն մայր լեզուին: Հայոց լեզուն մաս կազմելով հանդերձ հնդեւրոպական լեզուներու խումբին, ունի իր առանձնայատկութիւնները, որոնք շեշտուած են մասնաւորաբար ասիական շրջանակին եւ մթնոլորտին մէջ:Ազգականական կապ ցոյց տուող բառերը հայերէնը առած է հնդեւրոպական մայր լեզուներէն, այսպէս, հետեւելով օրինաչափական սկըզբունքին՝ կարելի է հայր, մայր եւ եղբայր բառերուն տարբերակներուն քննութեամբ հասնիլ բուն բառին: Այս դժուար աշխատանքներու ընթացքին կարելի է հաստատել, թէ փոփոխութիւնները կատարուած են որոշ օրէնքներու հիման վրայ եւ հնչիւնային տեսակէտով հայերը նախընտրած են շեշտը դնել վերջընթեր վանկին վրայ: Բազմաթիւ օրինակներ տալով, զանազան լեզուներով եւ հայերէնի հոլովներու ծագումը մատնանշելով՝ աւարտեց դասախօսութիւնը, որմէ կարգ մը լեզուական հարցումներուն սիրով պատասխանեց լեզուաբան դասախօսը: