Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի մէջ հիմնուած է պատմական յուշարձանները պահպանելու սահմանուած ընկերութիւն մը, որու անդրանիկ համագումարը, կամ ինչպէս Երեւանի թերթերը կը գրեն, հիմնադիր համագումարը տեղի ունեցած է 29 Փետրուարին, Ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ, Երեւան։

Օրակարգը, որ երեք կէտերէ կը բաղկանար, քննութեան առնուած է կէտ առ կէտ։ Առաջին խօսողը եղած է ծանօթ արուեստագէտ մը՝ Վ. Յարութիւնեան, որ յայտարարելէ ետք, թէ մեր երկրին կարգ մը յուշարձանները, ինչպէս Գեղարդ, Զուարթնոց, Գառնի եւայլն, միջազգային համբաւի տիրացած պատմական վայրեր դարձած են այլեւս, համառօտ գիծերով ներկայացուցած է այն աշխատանքները, որոնք կատարուած են այդ եւ այլ յուշարձաններու պահպանութեան ուղղութեամբ։ «Տարիներու ընթացքին հնագիտական արշաւախումբերու միջոցաւ հետազօտուած, լուսանկարուած, մասամբ նաեւ չափագրուած են յայտնաբերուած յուշարձանները, կազմուած են հնագիտական քարտէսներ, որոնց համաձայն պետական պահպանութեան ենթակայ յուշարձաններու թիւը կը հասնի մօտ 2500ի»։ Վ. Յարութիւնեան շարունակելով իր զեկուցումը, դիտել տուած է, որ թէեւ յուշարձաններու վերանորոգման ասպարէզին մէջ մեծ գործ կատարուած է, այնուամենայնիւ «կարելի չէ գոհացուցիչ նկատել», քանի որ դեռ մեծ թիւ կը կազմեն վերանորոգութեան պէտք ունեցող յուշարձանները։ Այնուհետեւ քննադատած է կարգ մը շրջաններու կուսակցական մարմինները իրենց անփոյթ եւ անհոգ կեցուածքին համար։ Մինչեւ իսկ կան մարմիններ, որոնք իրենց շրջանի պատմական յուշարձանները կը քանդեն եւ կամ անոնց քարերը կþօգտագործեն նոր շէնքերու շինութեան համար։ Ուրեմն եզրակացուցած է Վ. Յարութիւնեան, այս նոր ընկերութեան տասնեակ հազարաւոր անդամներուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուշադիր հսկել եւ թոյլ չտալ, որ քանդուին մեր պատմական յուշարձանները։