Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Անգարայէն ստացուած հեռագիրներու համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ազդարարութիւն մը ուղղած է Կիպրոսի նախագահ Մարկարիոս արքեպիսկոպոսին։

Ազդարարութեան պատճէնները յանձնած է նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Յունաստանի Անգարայի դեսպանատուններուն։ Թուրքիոյ արտաքին նախարարութիւնը, կացութեան լրջութեան պատճառով ծանուցագիր մըն ալ ուղղած է ՄԱԿի ընդհ. քարտուղարին, շեշտելով որ, թուրք կառավարութեան կողմէ ցարդ ցոյց տրուած չափաւոր ընթացքը հարկ եղած ընդունելութիւնը չէ գտած Կիպրոսի եւ Հելլէն ղեկավարութեան կողմէ։

Նիկոսիայէն կը հաղորդեն թէ՝ տեղւոյն «թրքական ոստիկանական կայանի մութ խուցերուն մէջ 44 օր չարչարուելէ ետք, երէկ ազատ արձակուած են չորս հելլէն ոստիկաններ, կողերը, թեւերը եւ ոտքերը կոտրուած եւ դէմքերը կապուտցած։ Անոնցմէ մէկուն բոլոր ակռաները քաշուած են եւ գլուխը ծանրօրէն վիրաւորուած։ Այս վերջինը անմիջապէս փոխադրուած է պետական հիւանդանոց։ Միւսները առաջնորդուած են ոստիկանական տեսչութեան շէնքը, ուր հրաւիրուած են մամլոյ ներկայացուցիչները, անոնց վիճակը տեսնելու համար։ Չորս հելլէն ոստիկանները ձերբակալուած են երեք թուրք զինեալներու կողմէ, որոնց գլուխը կը գտնուէր անգլիացի սպայ մը։ Զինաթափուելէ ետք, առաջնորդուած են Կիրենիայի ոստիկանական կայանը, ուր օրերով ենթարկուած են աննկարագրելի խոշտանգումներու եւ չարչարանքներու։

Հինգշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին ահաւոր հրդեհ մը ցնցեց ամբողջ Պուրճ Համուտի հայութիւնը: Օթոստրատին վրայ գտնուող հայկական չորս հիւղաւաններ հրոյ ճարակ դարձան: Հրդեհը զօրաւոր քամիին պատճառով կը սպառնար տարածուիլ թիթեղաշէն եւ փայտաշէն բոլոր տուներուն, երբ հրշէջները անմիջապէս օգնութեան փութացին եւ 6-7 հսկայ ջրատար մեքենաներ հազիւ կրցան առաջքը առնել տարածուող բոցերուն: Հրդեհին պատճառը յայտնի չէ տակաւին: Բարեբախտաբար մարդկային կորուստ չկայ: