Լոս Անճելըսէն կը հաղորդեն, թէ 1 Մարտին, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցած է բացման հանդէսը ռումանահայերու «Րաֆֆի» հայրենակցական միութեան:
Ներկայ եղած եւ խօսք առած են Սմբատ վրդ. Լափաճեան, Ճորճ Մարտիկեան, Սարգիս Սարունի, Գր. Ամիրեան եւ ատենապետ Լեւոն Յարութիւնեան: Ամերիկեան «Հերըլտ էքզեմինը»ի կողմէ թղթակից մը ներկայ եղած է հանդէսին, որուն գեղարուեստական բաժինը ձգած է խոր տպաւորութիւն: Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ռումանիոյ պետական երաժշտանոցէն՝ ձայնասփիւռի մեներգիչ Շաքէ Գրիգորեան-Շիշմանեան՝ ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Սիլվա Թանայի եւ Ատրինէ Գոլանճեանի, ասմունքով՝ Անի Յարութիւնեան. ազգային տարազով եւ հայկական պարերով՝ Աբայ Տէրունեան (ղեկավարութեամբ Գոհար Նարկիզեանի), եւ վերջապէս «Րաֆֆի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Պօղոս Գազեանի: Հանդէսը իր ամբողջութեան մէջ գեղարուեստական բացառիկ վայելք մը եղաւ ներկաներուն համար:
Մարսէյի Առաջնորդին անդրանիկ պատարագը Հարաւային Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցուած է անցած Կիրակի, Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ: Ազգային վարչութիւնը յատուկ կարգադրութիւններ ձեռք առած է, արժանավայել շուքով ընդունելու համար սրբազանը, որ Հրաշափառով առաջնորդուած է խորան: Յետ պատարագի սրբազանը խօսած է տպաւորիչ քարոզ մը: Նոյն օրը երեկոյեան Ազգային վարչութեան անդամ Գր. Պաղտասարեան իր Պոմոնի ամարանոցին մէջ մտերիմ ընդունելութիւն մը եւ ճոխ սեղան մը սարքած է ի պատիւ սրբազանին:
Քանի մը օրերէ ի վեր Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. կը գտնուի Անթիլիաս եւ հիւրն է Խորէն Ա. կաթողիկոսի: Պատրիարք հայրը եկած է խորհրդակցելու վեհափառ հօր հետ Ս. Յարութիւն տաճարի նորոգութեանց ծախսերուն կիլիկեան թեմերուն մասնակցութիւնը կազմակերպելու համար: