Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան տարեդարձին առիթով, Գոքինիոյ «Զաւարեան» սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ հանդէս-հաւաքոյթ մը՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Ընկեր Կարօ Մինասեան, ամփոփ կերպով անդրադարձաւ տօնի նշանակութեան։ Ընկերուհի Շաքէ Չանկարեանի օրուան յատուկ գեղեցիկ արտասանութենէն յետոյ, հրաւիրուեցաւ բանախօս ընկ. Սարգիս Զաքարեան, որ ծանրացաւ Փետրուար 18ի գործողութեան եւ փաստերով ու օրինակներով ցոյց տուաւ թէ՝ ի՞նչ պատճառներ ստիպեցին հայ ժողովուրդը պոռթկալու եւ ընդվզելու։ Խանդավառ ծափերու մէջ ներկաները ոտքի վրայ բաժակ պարպեցին մեր անզուգական հերոսներու անմոռանալի յիշատակին, մինչ ընկեր բանախօսը, իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան վերջացուց ըսելով՝ մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի գաղափարապաշտ երիտասարդութիւն մը, որ վճռած է քալել Փետրուարեան նահատակներու արիւնով ոռոգուած ճամբաներէն։ Երկարատեւ ծափերու մէջ ընկեր Զաքարեան վերջացուց իր խօսքերը, որոնք այնքան տպաւորեցին ներկաները։ Հանդէս-հաւաքոյթը ուրախ ու տաք մթնոլորտի մէջ, պարով եւ ազգային երգերով շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր։
Այս տարի եւս մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդական միութեան Ֆիքսի Արշալոյս-Ջամալեան խումբի կազմակերպած պարահանդէսը։ Բարեկենդանի այս օրերուն, մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ հարիւրէ աւելի ներկաներու միջեւ։ Կազմակերպիչ մարմինը թէեւ որոշ յայտագիր մը չէր կազմած, պարհանդէսի մէջ մեներգն ու արտասանութիւնները աւելորդ նկատելով, այսուհանդերձ, յայտագրէ մը աւելի կþարժէին նուագախումբի նուագած եղանակները, ընկեր Գրիգոր Դերձակեանի զուարճախօսութիւնները եւ ... համեղ ճաշերը։ Կէս գիշերին, հաւաքոյթը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ներկաները սկսան իրարու նետել սերփանթէն եւ իրարու հետ կատակախօսութիւններ ընել։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը, որմէ շատեր շահեցան 50-ի մօտ գեղեցիկ նուէրներ։