Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան Ժողովրդային տան յանձնախումբին կազմակերպած տօնակատարութիւնը, Փետրուար 18-ի ժողովրդային ապստամբութեան 43-րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ:

Սրահը լեցուն էր ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեամբ: Յանձնախումբի ատենապետ Յարութիւն Մարգարեան բացումը կատարելով տօնակատարութեան՝ յայտնեց նաեւ, թէ յանձնախումբը որոշած է ընկերական եւ ընտանեկան հաւաքոյթները յաճախակի դարձնել ակումբին մէջ: Ապա հրաւիրեց տոքթ. Ե. Խաթանասեանը՝ նախագահելու օրուան տօնակատարութեան: Ե. Խաթանասեան, ներկաներու ծափերուն մէջ խօսք առնելով, բացատրեց իմաստը Փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան, որ պոռթկումն էր հայ ժողովուրդի՝ ընդդէմ բռնատիրութեան: Հրաւիրեց օրուան բանախօս տոքթ. Ե. Գոնեալեանը՝ ըսելու իր խօսքը: Մօտ երեք քառորդ ժամ տեւած բանախօսութեամբ, Ե. Գոնեալեան մանրամասն վերլուծեց Փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան ոգին իր ամբողջական իմաստին մէջ՝ արժանանալով ծափերու: Սօսի Մինասեանի մեներգն ու Բիւզանդ Արզումանեանի յստակ առոգանութեամբ համարձակ արտասանութիւնը արժանացան բուռն ծափերու: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խրախճանքի բաժինը, որ մէջ ընդ մէջ պարանցիկ ըլլալով հանդերձ, ղեկավար ընկերներով շրջապատուած պատանիներու եւ երիտասարդ շարքայիններու յեղափոխաշունչ խմբերգները, տօնակատարութիւնը վերածեցին խանդավառ մթնոլորտի: Ուշ գիշերին վերջ գտաւ խրախճանքը եւ ներկաները մեկնեցան սրահէն լաւագոյն տպաւորութիւններով:

 

Լիբանահայ տաղանդաւոր լուսանկարիչ պրն. Մանուկ Ալէմեան, որ ծանօթ է «ֆօթօ Մանուկ», անունով եւ ասկէ առաջ տիրացած է Միւնիխի միջազգային մրցումի առաջին եւ երկրորդ մրցանակներուն, վերջերս արժանացած է «Քոտաք» աշխարհահռչակ ընկերութեան կազմակերպած գունաւոր նկարներու մրցումի առաջին եւ երկրորդ մրցանակներուն, ստանալով ոսկեայ եւ արծաթեայ մետալներ։