Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ազատական կուսակցութեան պետ եւ Կեդրոնի Միութեան ղեկավար Սոֆոքլիս Վենիզելոսի անակնկալ մահը խոր սուգի մատնեց ամբողջ եկրիրը։

Բոլոր կուսակցութեանց պետերը, առանց բացառութեան, յարգանքով արտայայտուեցան հանգուցեալ ղեկավարի արժանիքներուն եւ երկրին մատուցած թանկագին ծառայութեանց համար։ Վեհապետը իր եւ թագուհիին կողմէ ցաւակցական հեռագիր ուղղեց տիկին Վենիզելոսին։ Կիրակի առաւօտ, Փետրուար 9-ին, օդային գծով Կրետէ մեկնեցաւ գահաժառանգ իշխանը։ Կրետէ մեկնեցան նաեւ բոլոր կուսակցութեանց պետերը յուղարկաւորութեան համար։ Հանգուցեալին ընծայուեցան գործօն վարչապետի պատիւներ։ Դամբանականը խօսեցաւ Կեդրոնի Միութեան պետ պրն. Բաբանտրէու։ Մարմինը ամփոփուեցաւ իր մեծանուն հօր՝ Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի գերեզմանին մօտ, Աքրոթիրիի բարձունքին վրայ։ Աթէնքի քաղաքապետական խորհուրդը, որոշեց յետմահու Աթէնքի ոսկի մետալը տալ հանգուցեալին, հայրենիքին մատուցած իր թանկագին ծառայութեանց համար։ Սոֆոքլիս Վենիզելոսի մահուան առթիւ, հանգուցեալի այրիին ցաւակցական հեռագիրներ ուղղած են բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց կարգին նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ պրն. Ինէօնիւ եւ արտաքին նախարար պրն. Էրկին։ Վենիզելոսի մահուան առթիւ Աթէնքի Մայր եկեղեցիին մէջ ալ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն, որուն յունահայութեան կողմէ ներկայ գտնուեցան թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեան եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան։ Նոյն առթիւ, Թեսաղոնիկէի մէջ ալ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ որուն գաղութին կողմէ ներկայ գտնուեցան տեղւոյն Ազգային իշխանութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեանի։ Սոֆոքլիս Վենիզելոսի մահուան առթիւ առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգ. Վարչութիւնը ցաւակցա- կան հեռագիր ուղղեցին հանգգուցեալի այրիին եւ պարագաներուն։