Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ եւ ամենապատիւ շնորհք Պատրիարքի հովանաւորութեամբ՝ Սարայ թատրոնի սրահին մէջ տօնուած է Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակը։

1912 թուականին Օսմանեան կառավարութիւնը օրէնք մը հրատարակելով պարտադրած էր իւրաքանչիւր համայնքի, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ գտնուող իր կալուածներուն ամբողջական ցանկը պատրաստել վեց ամսուան ընթացքին եւ ներկայացնել «Տեֆթէրի Հագանիի Էմանէթ» կոչուած պատկան պետական պաշտօնատունը։ Այդ շրջանին, Հայոց Պատրիարքարանը եւս կարելին ըրած էր անթերի կերպով պատրաստելու եկեղեցիներու, վանքերու, դպրոցներու եւ բարոյական անձերու անուան արձանագրուած ազգային կալուածոց ամբողջական ցանկը եւ զայն յանձնած էր յիշեալ պետական պաշտօնատունը։ Դժբախտաբար սակայն, պատրիարքարանը իր արխիւներուն մէջ չէր պահած այդ վաւերացեալ ցանկին մէկ պատճէնը, ինչ որ անհրաժեշտ էր «թափու»ի գործողութեանց համար։ Ներկայիս ձեռներէց անձնաւորութիւն մը, իր միջոցներով յաջողած է պետական իշխանութեանց մօտ գտնուող 1912-ի այդ վաւերացուած ցանկին պատճէնը ապահովել եւ յանձնել պատրիարքարանին։

Մանկավարժներ, դաստիարակներ եւ ծնողներ կ'առաջարկեն վերաքննել աշակերտներուն վարքն ու բարքը նկատի առնելու հարցը, որ ներկայիս միայն ձեւական բնոյթ ունի։ «Երեւան» թերթի մէջ ուսուցիչ Վ. Ղարաբաղցեան կþառաջարկէ ուշադրութիւն դարձնել այս կարեւոր խնդրին վրայ եւ, այսուհետեւ, նկատի ունենալ նաեւ տղոց ու աղջիկներուն նիստ ու կացը։

Բազմածնութեան մրցանիշը կը պատկանի Հայաստանի։ Արդարեւ, մեր երկրին մէջ կը գտնուին ամէնէն աւելի շատ «Հերոսուհի մայր» տիտղոսին արժանացած կիները։