Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Եթովպական դրոշմաթուղթեր կ՛անմահացնեն կարգ մը կրօնաւորներ…»: Այս խորագրին տակ Եթովպիոյ կարեւորագոյն թերթերէն անգլիատառ «Վոյս աւ Իթիոփիա» օրաթերթը իր 1963 դեկտեմբեր 14-ի թիւին մէջ կու տայ լուր մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք հայ հասարակութեան:

«Եթովպիոյ կայսերական կառավարութեան փոստ-հեռագրական նախարարութիւնը հրատարակած է դրոշմաթուղթեր, որոնք կ՛անմահացնեն կարգ մը եկեղեցական ղեկավարներ՝ Եթովպիոյ երկարամեայ պատմութեան մէջ: «Չորրորդ դարու սկիզբներուն Եթովպիոյ մէջ առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ներմուծող հայ եպիսկոպոսը՝ Ապունա Սալամա, մէկն է այդ հոգեւոր առաջնորդներէն, որ մաս կը կազմէ այս դրոշմաթուղթերուն»:

«Տը Տալլաս Մոռնինկ Նիւզ» թերթը կը գրէ.
Ռընէ Շերանեան-Կոց, որ քնարահար եւ միաժամանակ երգչուհի է, Տալլասի Գեղարուեստից թանգարանին մէջ նուագահանդէս մը տուաւ: Շերանեան-Կոց քնարահարութիւնը ուսած է Մարսել Կրանճանիի մօտ՝ համաշխարհային համաբաւի տէր քնարահար մը, եւ աւարտած է Նիւ Եորքի Ճիւյըրտ վարժարանը: Ան նմանապէս համբաւաւոր երգիչներու մօտ մարզած է իր ձայնը, եւ ապա որպէս ֆուլպըրայթ սքոլըրշիփի սան՝ Գերմանիա ղրկուած է օփերային երգեցողութիւնը սորվելու համար: Աւստրիական կառավարութիւնը զինք նոյնպէս վարձատրած է: Հայ արուեստագիտուհին նուագահանդէսներ տուած է թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ: Ան որպէս քնարահար մենակատար՝ մասնակցած է համաշխարհային բազմաթիւ փառատօներու: Ան նմանապէս օփերայի որպէս գլխաւոր մեներգչուհի՝ շրջագայած է Մ. Նահանգներու մէջ: «Ամերիկայի ձայն»ը միշտ օգտագործած է քնարի ընկերակցութեամբ իր հայկական երգերուն սկաւառակները: Ան այժմ կ՛ապրի Տալլասի մէջ, ուր երգ եւ քնարահարութիւն կ՛ուսուցանէ: