Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

-«Ընթերցումներ բոլորին համար» շարքին մէջ ֆրանսական պատկերասփիւռը Չորեքշաբթի իրիկուն ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի երկու վերջին գործերը: Սարոյեան շատ բան կը կորսնցնէ իր ինքնատիպ ոճէն երբ թարգմանուի, այդ պատճառով երբեք հարազատ չեն կրնար ըլլալ իր վէպերը, ցորչափ անոնք կարդացուին ֆրանսերէն: «Ամերիկերէնի» յատուկ դարձուածքներ ունի, որոնց հմայքը միայն իր բնագրին մէջ կարելի է զգալ». այս չի նշանակեր, թէ թարգմանութիւնները յաջող չեն, ընդհակառակն, Սարոյեանի գրականութեան մէկ կարեւոր մասը իր ինքնատիպ լեզուն է: Մաքս Փոլ Ֆուշէ շատ յաջող կերպով վերլուծեց Սարոյեանի գրականութիւնը ընդհանուր կերպով՝ ծանրանալով  մասնաւորաբար անոր տաղանդին յատկանիշներուն վրայ: Յիշելով այս ամերիկացի գրողին հայկական ծագումը՝  Ֆուշէ շեշտեց, թէ իր վերջին վէպին մէջ (որ կը թուի ինքնակենսագրութիւն մը ըլլալ) «Աղջիկներու եւ տղոց միջեւ», Սարոյեան շատ յաջող կերպով ներկայացուցած է ամերիկացի զոյգի մը ընտանեկան ու մտերմական կեանքը՝ երեւան հանելու համար ի վերջոյ՝ թէ աւելի քան ոեւէ ուրիշ ազգ, ամերիկացի այրը ու ամերիկացի կինը ամուսնանալով՝ երկու առանձնութիւններ միացած են առանց դադրելու առանձնութիւններ մնալէ, եւ այր ու կին կը միանան միայն ուիսկիին շուրջ կամ անկողնին մէջ, կռիւներէն ետք կրկին կռուելու համար ուիսկիին եւ անկողնին դադարներէն ետք: Մաքս Փոլ Ֆուշէ իր եզրակացութեան մէջ յիշեց Փոլ Վալերիի յայտնի մէկ խօսքը՝ «Այր մարդուն առանձնութիւնը աւելցնելու համար Աստուած կինը ստեղծեց»:

-Բազմազաւակութեան մրցանիշը կը պատկանի Հայաստանի: Արդարեւ, մեր երկրին մէջ կը գտնուին ամէնէն աւելի շատ «Հերոսուհի մայր տիտղոսին արժանացած կիները: Միւս կողմը, Երեւանի թերթերուն համաձայն, Հայաստանի մէջ ներկայիս կ՛ապրին 17,000 երկարակեացներ, որոնցմէ մէկը՝ Աննա Յարութիւնեան, տօնած է իր 113-ամեակը: Ունի 58 թոռներ եւ ծոռներ: Աննային քոյրը՝ Խանում, ապրած է 120 տարի: