Կիրակի, 26 Յունուար 1964, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան եւ փառաշուք հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը:
Ժամը 9:00-ին Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, յունահայոց առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսի, Իրանա-Հնդկաստանի հայոց առաջնորդ Ներսէս վրդ. Բախտիկեանի, Եզնիկ վրդ. Բալայեանի եւ Պետրոս աբեղայի, Անթիլիասէն ինքնաշարժներու թափօրով եւ մոթոսիքլիստ ոստիկաններով առաջնորդուեցաւ Նոր Սիս: Սին էլ Ֆիլէն սկսեալ վեհափառը արժանացաւ ժողովրդային անդադրում ծափերու եւ սըրտազեղ ընդունելութեան: Նոր Սիսը ամբողջովին դրօշազարդուած էր լիբանանեան դրօշակներով: Յաղթական հինգ կամարներ կանգնեցուած էին, ոչխարներ զենուեցան եւ աղաւնիներ արձակուեցան: Վեհափառի ընդունելութենէն քիչ ետք, նոյն խանդավառութեամբ եւ ծափերու մէջ ընդունուեցաւ Խադ արք. Աջապահեան, որ առողջական պատճառներով չէր կրցած մաս կազմել վեհի թափօրին: Տօնակատարութեան ներկայ էին պետական հայ երեսփոխաններ‘ Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ բազմաթիւ երեւելի անձնաւորութիւններ: Պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Վեհափառ հայրապետը տուաւ իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը: Տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնութիւն: Վեհափառն ու իր հետեւորդները կէսօրին ճաշի հիւրը եղան Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արշակունի Ռաֆայէլեանի, որուն բնակարանէն ներս շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ:
***
Կիրակի, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արտաւազդ եպիսկոպոս եւ Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Գարեգին եպիսկոպոս հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ իրենց եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագը մատուցեցին եւ աւուր պատշաճի քարոզեցին: