Ֆրանսական պատկերասփիւռը անցած Չորեքշաբթի իր «Ընթերցումներ բոլորին համար» յայտագրին մէջ ներկայացուցած է նաեւ ֆրանսական «Սթոք» հրատարակչականին նոր լոյս ընծայած «Վարդանանք»ը ֆրանսերէնով:
Խօսած են Փիեռ Տեկրոփ եւ Վիքթոր Կարտոն, որ ֆրանսերէնի թարգմանած է «Վարդանանք»ը: Փիեռ Տեկրոփ ներկայացուցած է Վարդանը իբրեւ հայ Ժան տ՛Արք մը, պաշտամունքի առարկայ աստուած մը՝ հայերուն համար: Յայտնած է, որ Վարդան միակ զօրավարն է եղած, որ յաղթանակ մը տարած է իր մահէն ետք, աւելցնելով, թէ Աւարայրի ճակատամարտը մեծ դեր խաղացած է Արեւմուտքի պատմութեան մէջ ալ: Վիքթոր Կարտոն խօսած է բուն իսկ կռիւներուն մասին եւ՝ շեշտած, թէ «Վարդանանք»ը պէտք է նկատել ժողովրդական առաջին պատերազմը ու նաեւ՝ քրիստոնէութեան պաշտպան առաջին պատերազմը: Խօսած է նաեւ այն ճակատագրական դերին մասին, զոր խաղաց Աւարայրի պատերազմը Արեւմուտքի համար, արգելք հանդիսանալով, որ արաբները Պալքաններն իջնեն: Պատմած է Վարդանի եւ իր 1036 ասպետներու նահատակութիւնը, Փիեռ Տեկրոփն ալ այդ առթիւ յիշած է Ռընէ Կրուսէի վկայութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ Աւարայր հազար տարի շահիլ տուած է քաղաքակրթութեան: Կարտոն պատասխանելով Տեկրոփի հարցումին՝ բացատրած է, թէ «Վարդանանք»ի ֆրանսերէն հրատարակութեան մէջ, իր դերը եղած է առաւելաբար վերածողի դեր մը: Արդարեւ, Դերենիկ Դեմիրճեանին վէպը թարգմանած է Տիգրան Քիրազեան, վերածումն ու ամփոփումը կատարած է Վիքթոր Կարտոն: Երբ Փիեռ Տեկրոփ հարցուցած է, թէ ի՞նչ բան զինք մղած է այդ աշխատանքին, Կարտոն յայտնած է, թէ աղբիւրի մը ջինջ ակը վերադառնալու փափաք մըն է: Երբ միշտ ուիսքի, վոտքա կամ քոնեաք խմէ մարդ մը, յանկարծ անզսպելի փափաք կը զգայ վտիտ աղբիւրի ջուր խմելու: Ընդհանուր կերպով՝ յաջող զրոյց մը, որ կը ծառայէ հայ մշակոյթի տարածման օտար զանգուածներու մօտ, եւ գնահատելի է աշխատանքը, որ կը տարուի այս ուղղութեամբ: