Հ. Գթ. Խաչի Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի վարչութիւնը, կազմակերպած էր Ամանորի տօնածառի գեղեցիկ հանդէս մը, որ պատեհութիւն կուտայ քաղաքի աշակերտութեան եւ առհասարակ բոլոր փոքրիկներուն, շրջապատուած Հ. Գթ. Խաչի քոյրերով, իրենց ուսուցչուհիներով եւ ծնողներով,
հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ քանի մը ժամեր ապրելու, իսկ անոնցմէ չքաւորներուն՝ «Կաղանդ Պապա»յի բարիքները վայելելու։ Հանդէսը տեղի ունեցաւ Կաղանդի օրը ի ներկայութեան գաղութի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեանի եւ Ազգ. իշխանութեան ամբողջական կազմին։ Ծաղկոց-նախակրթարանի աշակերտութիւնը, գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի տիկ. Մերի Մանուկեանի եւ օգնական ուսուցչուհի տիկին Արմենուհի Աբէլեանի, ներկայացուց մանկական սիրուն արտասանութիւններով եւ տրամախօսութիւններով ճոխ յայտագիր մը, որ արժանացաւ բոլորի ջերմ գնահատանքին։ Հանդէսին բացումը կատարեց Հ. Գթ. Խաչի պատուակալ նախագահ ընկ. տոքթ. Աբր. Աբրահամեան, որ վեր առաւ Հ. Գթ. Խաչի Սփիւռքի մէջ կատարած ազգակերտ գործը՝ խնամատարական եւ մասնաւորաբար կրթական մարզերէն ներս։ Ապա իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեանի եւ իր անձնուէր օգնականին տիկին Արմենուհի Աբէլեանի, իրենց կատարած աշխատանքի մասին։ Հանդէսի վերջաւորութեան Կաղանդ Պապային կողմէ բոլոր փոքրիկներուն բաժնուեցան միրգերով լեցուն պարկիկներ եւ Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ Տեղական վարչութեանց տրամադրած գաթաները։ Իսկ չքաւոր փոքրիկներուն՝ տէր եւ տիկին Երամեաններու նուիրած եւ Հ. Գթ. Խաչի վարչութեան տրամադրած կօշիկները։ Նոր տարուան առթիւ Հ. Գթ. Խաչի տեղական վարչութիւնը նիւթական նուէրներով ուրախութիւն պարգեւեց նաեւ բազմաթիւ չքաւոր ընտանիքներու։ Տէր հօր Պահպանիչով փակուեցաւ այս սիրուն հանդէսը, եւ ներկաները մեկնեցան գնահատելով Հ. Գթ. Խաչի գործը։