Պապը շաբաթ իրիկուն արտասանեց հետեւեալ ճառը՝ Երուսաղէմի հայ պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոսի ընդունելութեան ընթացքին:
«Նորին Ամենապատուութիւն, «Սուրբ Երկիր մեր ուխտագնացութեան առթիւ, երջանիկ ենք հանդիպում ունենալով Ձերդ Ամենապատուութեան հետ, եւ կը գիտակցինք այն խոր նշանակութեան, որ կը ստանայ այս հանդիպումը Երուսաղէմի մէջ: «Այսօր կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի այն ընդունելութեան համար, որ վերապահուեցաւ մեզի ձեր միաբանութեան եւ հաւատացեալներուն կողմէ: Շատ զգացուեցանք այն գորովանքին ու յարգանքին համար, որուն առարկայ դարձանք: Նոյնպէս ուրախութեամբ իմացանք, որ անկեղծ գործակցութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ հիմա ձեր համայնքին, կաթողիկէ համայնքին եւ հայ համայնքին միջեւ՝ Ս. Յարութեան տաճարի նորոգութեան համար: Այս սրբավայրը քրիստոնեայ սրտերու համար աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէնէն թանկագին բանն է: «Արդարեւ, ատիկա ճիշդ այն վայրն է, ուր «Աստուած ուզեց բոլոր էակներուն հետ հաշտուիլ Քրիստոսի միջոցաւ՝ խաղաղութիւն կնքելով անոր խաչին արիւնով», ուր փառաւոր յարուցեալ Քրիստոսը դարձաւ մեր կեանքին սկըզբունքը, մեր յարութեան գրաւականը, միակ պետը, որուն մէջ ամէն բան պէտք է միաձուլուի: Բարձրօրէն խորհրդանշական է, որ հակառակ պատմութեան ծանրութեան եւ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, քրիստոնեաները, դժբախտաբար բաժնուած, միասին կ՛աշխատին նորոգելու այս տաճարը, որ կերտած էին միութեան մէջ, եւ որ կ՛աւերուէր իրենց բաժանումով: «Մեր ամէնէն ջերմ մաղթանքն է, որ ողորմութիւնը տիրէ մեր միջեւ, իսկական ողորմութիւն մը, անպաճոյճ»: «Գիտենք, թէ ի՛նչ է անձնական դերը Ձերդ Ամենապատուութեան, մթնոլորտի այս փոփոխութեան մէջ. ծանօթ ենք այն ճիգերուն, որոնք երկուստեք կը թափուին՝ վիճելի կէտերը անհետացնելու համար, ատոր համար խորապէս ուրախ ենք, եւ կ՛արտայայտենք մեր ամբողջ երախտագիտութիւնը: Թող խաղաղութեան Աստուածը իր շնորհը առատօրէն տեղացնէ Ձերդ Ամենապատուութեան, ձեր միաբանութեան եւ Սուրբ Քաղաքի բոլոր զաւակներուն վրայ»: