Անցեալ Կիրակի Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Սիսեցի երիտասարդներու միութեան սեփական տան հիմնարկէքի հանդիսութիւնը՝ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Վարչութեան կողմէ ուղերձ կարդաց Միութեան ատենապետ Սարգիս Տէմիրճեան՝ տալով ծանօթութիւններ վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին, ու շեշտելով. «Հաստատութիւն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ բերել իր պատուաբեր բաժինը հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին ծառայելու համահայկական ճիգին»: Արարողութեան նախագահեց եւ Միութեան տան առաջին քարը օրհնեց Գարեգին Ծ. վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Եզնիկ վրդ. Բալայեանի, Եփրեմ աբեղայ Թապագեանի եւ Յովհաննէս քհնյ. Պօղոսեանի: Խօսելով մշակութային հաստատութեան մը իմաստին, կարեւորութեան եւ կատարելիք դերին շուրջ, Գարեգին Ծ. վ. Սարգիսեան ըսաւ. «Քսաներորդ այս դարուն կը կառուցուին աւելի մեծ թիւով մեղքի տուներ, քան իմացական, բարենըպատակ եւ ազգօգուտ հաստատութիւններ: Մեր եկեղեցիներէն ետք մեր մշակութային տուներն են, որ կը պահեն մեր ազգային ազնիւ նկարագիրը: Մենք խորապէս կը հրճուինք նման երեւոյթներու առջեւ: Կը շնորհաւորենք Սիսեցի երիտասարդներու միութիւնը եւ կը մաղթենք կատարեալ յաջողութիւն»: Տեղւոյն վրայ կատարուած հիւրասիրութենէն ետք, Նոր Սիսի երեւելի ազգայիններէն Հայկ Նուրեան հրաւիրեց իր բնակարանը շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ թաղին յայտնի անձնաւորութիւնները: Հոն եւս կատարուող հիւրասիրութեան ընթացքին տեղի ունեցան խօսակցութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ՝ օգտաշատ այս ձեռնարկին յաջողութեան համար: Ուրախութեամբ պէտք է յիշատակել հոս, որ ճարտարապետ Յարութիւն Մարգարեան անձնուիրաբար եւ մեծ սիրով պատրաստած է յատակագիծը սրահին, առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան: Յարգելի ճարտարապետը եւ Հայկ Նուրեան միասնաբար պիտի տանին շինութեան աշխատանքները: Ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ, ԼՕԽ-ի Նոր Սիսի վարչութիւնը 200 լ. ոսկի նուիրեց սրահի շինութեան ֆոնտին: