Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով Դեկտեմբեր 24-ին, Հալէպի հայ եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ կատարուեցան եւ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ:

Այս տարի թեմիս առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի կարգադրութեամբ եւ նախագահութեամբ Ս. Ստեփանոսի նախատօնակը Երկուշաբթի երեկոյ ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Հալէպի բոլոր եկեղեցիներու դպրապետներու եւ ուրարակիրներու՝ շուրջ քառասուն հոգի: Ժամանակէն առաջ հսկայ եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու բազմութեամբ: Ժամերգութեան սկիզբը ուրարակիրները զգեստաւորուած թափօրով եւ «Ուրախ Լեր Ս. Եկեղեցի» շարականով սրբազանը առաջնորդեցին դէպի մայր սեղան, ուր պահպանիչով օրհնեց ուրարակիրները, ապա սկսաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ նախատօնակը: Ուրարակիրները իրենց դպրապետներու առաջնորդութեամբ, զգացումով եւ ապրումով երգեցին գաղափարի առաջին նահատակին նուիրուած հոգեզմայլ շարականները եւ տաղերը՝ յուզելով ներկաները: Նախատօնակէն ետք սրբազան հայրը հոգեշունչ քարոզով մը ներկայացուց Ս. Ստեփանոսի նկարագրին յատկանշական կէտերը, եւ թելադրեց ուրարակիրներուն‘ Սուրբը իրենց կեանքի տիպար ունենան: Օրհնեց զանոնք եւ երկնային իմաստութիւն մաղթեց անոնց: Նախատօնակէն ետք, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը ի պատիւ ուրարակիրներուն, սեղան մը սարքեց վարժարանի սրահին մէջ: Բացումը կատարեց տեղւոյն դպրապետը Յակոբ Աշակերտեան, որ իր գնահատանքը յայտնեց սրբազան հօր այս կարգադրութեանը համար: Ուրարակիրները նուագով, ժողովրդական երգերով եւ մեներգներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Սրբազան հայրը իր փակման խօսքով շեշտեց դպրաց դասերու դերը եկեղեցւոյ մէջ, եւ թելադրեց ուրարակիրներուն որպէսզի զոհողութեան գնով իրենց պարտականութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար՝ նկատելով, որ ժողովուրդը ներկայիս աւելի պէտք ունի մխիթարութեան եւ հոգեկան ապրումներու: Յոտնկայս երգուեցան հայրապետական մաղթերգ, Տէր Կեցո եւ Հայր Մեր: