Ստորեւ ամփոփ մասեր այն ճառերէն, զորս արտասանեց Հրաչ Տասնապետեանը, Շաբաթ, 21 Դեկտեմբեր 1963-ին Պուրճ Համուտի Գերմանիկ սրահին մէջ Դաշնակցութեան 73-րդ տարեդարձի օրուան շքեղ տօնակատարութեան ընթացքին.-
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հոգեբանական եւ գաղափարական տեսակէտէ, ամենահարազատ արտայայտութիւնն է յաւերժական հայութեան հոգեբնախօսական կառոյցին, մարմնաւորելով իր մէջ՝ եթէ ոչ այդ կառոյցին բազմապիսի բոլոր յատկանիշները, գէթ անոնցմէ ամէնէն հիմնականները՝ ազատութեան պաշտամունք, հոգեկան արիութիւն, ազգային հպարտութիւն: Զինք յատկանշող ամէնէն շեշտուած գիծերը՝ գաղափարապաշտութիւն եւ մարտունակութիւն, առաքինութիւններ են, որոնք հայ ժողովուրդինը եղած են անոր փառապանծ պատմութեան արշալոյսէն սկսած: Եթէ ուզենք յարգանքի արժանի տուրքը տալ Դաշնակցութեան գործունէութեան ամէնէն հիմնական կէտերուն միայն, առանձին անդրադառնալով անոնցմէ իւրաքանչիւրին, մենք պէտք կ՛ունենանք ոչ թէ մէկ օրուան, այլ տարուան 365 օրերուն եւ աւարտած չենք ըլլար տակաւին: Իր ծնունդէն մինչեւ այսօր Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեամբ, իր իրականացած ու տակաւին չիրականացած իտէալներով, իր գաղափարախօսութեամբ ամէնօրեայ ապրումն է, կեանքի իմաստը եթէ կ՛ուզէք՝ ամէն մէկ իրաւ հայու, հայրենիքէն դուրս թէ հայրենիքի մէջ: 1963 թուականը կը զուգադիպի 50-րդ տարելիցին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան: Հիմնադիր թէ ղեկավար ուրիշ շատ մը նահատակներէ առաջ, ու թերեւս միակը՝ բացարձակ ու ամէնէն հարազատ կերպով Սիմոն Զաւարեան մարմնաւորած է հիմնական այն բոլոր առաքինութիւնները, բարոյական այն բոլոր ըմբռնումները, որոնք իրաւ դաշնակցականին հիմնական յատկանիշները կազմեցին: Զաւարեան ի՛նքն է, հիմնադիրներուն մէջ, դաշնակցականի առանձին տիպարի՛ն հիմնադիրը: Մեր կուսակցութեան կազմակերպական ոգիի հանճարեղ նախահայր Քրիստափորի եւ մեր ազգային առողջ տրամաբանութեան եւ հաւասարակշիռ խառնուածքի ստեղծիչ՝ Ռոստոմի հետ, Սիմոն Զաւարեան կազմեց հայ յեղափոխական շարժման ամենասուրբ երրորդութիւնը: Բազմաբեղուն գործունէութիւն մը ունեցաւ Զաւարեան, «մաքրագոյնը մաքուրներուն», ինչպէս իրաւամբ իր մասին կ՛ըսէ Վարանդեան եւ «աշխարհիկ սուրբը», որ կոչուեցաւ ի՛ր իսկ կուսակցական ընկերներուն եւ գործակիցներուն կողմէ: