Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Խորհրդային Միութեան մէջ պայքար մը ծայր տուած է ոգելից ըմպելիի գործածութեան դէմ:

Համայնավար տեսաբաններ օղին կը նկատեն գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը… խորհրդային երկրագործութեան ձախողութեան եւ ստեղծուած անել կացութեան: «Սովետական Հայաստան» օրաթերթը ծաղրանկարներով եւ յօդուածներով կը խարանէ խմանները… Այդ նկարներէն մէկը ցոյց կու տայ, օրինակ, աշխատաւոր մը, որ մատնանշելով ապրանքով լեցուն բեռնակառք մը, կը յայտարարէ. - «Իսկապէ՜ս որ օղի չխմել լաւ բան է, պլաններս դերակատարեցի»: Իսկ անդին, ոգելից ըմպելիներու վաճառորդ մը կ՛աւաղէ՜.- «Էս միամսեակը ուղղակի ձախողեց գործս, պլաններս չեն կատարուած»: Ինչպէս կը տեսնուի, խմո՜ղն ալ «պլան» ունի, ծախո՜ղն ալ. ու խորհրդային պետութիւնը կը ջանայ միջին պլան մը գտնել՝ իրագործելու համար գաղափարական գինովութիւնը համայնավարութեան: Խորհրդային ժողովուրդները,- կ՛ըսեն յաճախ խորհրդային ղեկավարներ,- կը գըտնուին ընկերվարութեան կառուցման ճամբուն վրայ: Երկրորդ շրջանը պիտի ըլլայ Համայնավարութիւնը, որուն ընթացքին պիտի անհետանան անցեալի դրամատիրական օրերու բոլոր հին սովորութիւնները, որոնց կարգին՝ խմելու մոլութիւնը: Սովետ խման գիւղացի մը, այս առթիւ իր կարծիքը գաղտնաբար խոստովանած է այցելուի մը՝ հետեւեալ կերպով. - Մեր ղեկավար ընկերը անպայման չափազանց խմած ըլլալու է, անգիտակից վիճակի մէջ այդ յայտարարութիւնը կատարելու համար: «Մենք քառասունհինգ տարիէ ի վեր կ՛ապրինք գինովութեան ամէնէն գէշ տեսակին՝ գաղափարական համայնավար գինովութեան մէջ: Ապացոյց՝ ա՛յն, որ պետութիւնը, օգտուելով մեր վիճակէն, կը կողոպտէ մեզ, մեր աշխատանքի արդիւնքը իւրացնելով: «Եւ եթէ ասիկա «Առաջին շրջանն է» տակաւին, Աստուած պահէ՜ մեզ… երկրորդ շրջանէն: Ես ըմբռնեցի, թէ ամենագէշ գինովութիւնը՝ կարմիր Ագիտատորի մը ճառերէն, եւ համայնավար թերթերու քարոզներէն առաջ կու գայ: Մե՛ղք է անմեղ գինիին եւ քոնեակին: Պէտք է վերականգնել անոնց պատիւը՝ մարդկութեան առջեւ»…:   ԳԻՍԱՒՈՐ