(Շար.)
Ներկայացուեցաւ գեղեցիկ կենդանի պատկեր մը՝ «Հայաստանի Ազատագրութեան խորհըրդանշանը»՝ ընկերուհիներ Ազնիւ Չիլինկիրեանի, Հերմինէ Գալայճեանի, Աղաւնի Կիւլպէնկեանի եւ ընկերներ Տիգրան Գասպարեանի եւ Գէորգ Պեքիարեանի կողմէ։
Խորհրդապատկերի ընթացքին խօսնակը՝ ընկ. Յակոբ Գալայճեան կþարտասանէր «Ողջոյն հայ դրօշին» քերթուածը։ Հուսկ յետոյ, նախագահը բեմ հրաւիրեց Թեսաղոնիկէէն յատկապէս հրաւիրուած օրուան բանախօսը՝ ընկ. Ռ. Գալֆայեանը։ Ընկերը ներշնչուած այս նոր սերունդի ոգեւոր ելոյթէն՝ մօտ կէս ժամ տեւող կուռ բանախօսութեամբ մը ելեկտրականացուց սրահը։ Ներկաները աչք ու ականջ կտրած՝ ունկնդրեցին իր խօսքը, մէջ ընդ մէջ ընդհատելով զայն իրենց ծափահարութիւններով։ Ընկեր բանախօսը թղթատեց մեր ազգային պատմութեան էջերը, յիշեց մեր ժողովուրդին մղած պայքարը, անկախութեան ձգտումը, Մեծն Տիգրանէն մինչեւ Արշակունիներ, մինչեւ Բագրատունիներ եւ Ռուբինեաններ, ապա Խրիմեան Հայրիկ, Իսրայէլ Օրի եւ ի վերջոյ հայ ազատագրութեան փառապսակը եղող 1918 Մայիս 28։ Ընկ. Գալֆայեան վերջացուց իր խօսքը յուզուելով եւ յուզելով ներկաները, որոնք բուռն կերպով կը ծափահարէին զինքը՝ սրբելով իրենց արցունքները։ Երգչախումբին կողմէ երգուած «Յառաջ նահատակ»ով վերջացաւ այս գեղեցիկ «Օր»ը, որմէ վերջ ներկաները բոլորուելով սեղաններու շուրջ, հիւրասիրուեցան Երիտասարդացի ընկեր-ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած աղանդերներով եւ ըմպելիով։ Ոգեւորութիւնը կրկնապատկուեցաւ Գոմոթինիի եւ Թեսաղոնիկէի Երիտասարդաց Միութիւններու ընկեր-ընկերուհիներուն ազգային-ժողովրդային երգերով եւ հայկական ու եւրոպական պարերով, որոնք տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր։ Ժամը անցած էր, ուստի ներկաները հրաժեշտ առնելով Գոմոթինիի Երիտասարդացէն, գոհունակ սրտերով մեկնեցան իւրաքանչիւրը դէպի իր բնակավայրը։
(Վերջ)