Ֆրանսահայերէն ոմանց անուններն ու մականունները ենթարկուած են ճարպիկ փոփոխութիւններու՝ հրաժարելով հայկականութենէ ու մտնելով ֆրանսական աւազանի մէջ:
Եւ այդպէս, Հրանդներն ու Հրաչները եղած են Հանրի: Երուանդներն ու Եդուարդները՝ Էտուար: Լեւոնը եղած է Լէոն, Ռուբէնը՝ Ռոպէն, Ժիրայրը՝ Ժերար, Արմէնն ալ բնականաբար վերածուած է սիրահարի, այսինքն՝ Արմանի: Հայկուհին եղած է Հիւկեթ, Շուշանը՝ Սիւզան, Վերգինէն՝ Վիվիան եւ այլն: Մասնաւորապէս Ժան անունը դարձած է չափազանց գործածական: Բոլոր «ճեան» վերջացող մականունները փոխուած են Ժանի. այսպէս, Պասմաճեանը եղած Պասմա Ժան, Գաւուքճեանը՝ Գաւուք Ժան, Թաւուքճեանը՝ Թաւուք Ժան, Բաչաճեանը՝ Բաշա Ժան, Գահվէճեանը՝ Գաֆէ Ժան, Պալըքճեանը՝ Պալուք Ժան, Գազանճեանը՝ Գազան Ժան, իսկ Մէզարճեանը՝ Մէզար Ժան: Անուններէն Մերուժանն ալ եղած է Միու Ժան, իսկ Վարուժանը՝ Վարու Ժան: Մէկն ալ կը ճանչնամ, որուն անունը Ատրուշան էր, փոխելով՝ ըսաւ Արթիւր Ժան. ապա տեղափոխելով եղաւ Ժան Արթիւր: Եւ որովհետեւ մականունն ալ Եազմաճեան էր, կոչուեցաւ Ժան-Արթիւր Եազմա Ժան, որով սկսաւ շողշողալ երկու «Ժան»-ով: Ֆրանսացի բարեկամները՝ «Ժան-Արթիւր Եազմա Ժան» անունին ու մականունին մէջէն հանելով ու նետելով «Արթիւր»-ն ու «Եազմա»-ն, կարճօրէն անուանեցին զինքը «Ժան-Ժան»: Եւ ինք գոհ մնաց նոր անունովը կրկնապէս պատուարժան: Յովհաննէս Շալվարճեան անուն մէկն ալ պզտիկ անունը թարգմանելով՝ ըրաւ Ժան. իսկ Շալվարճեան մականունն ալ վերածեց «Վալժան»-ի, ու եղաւ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»ուն հերոսը՝ Ժան Վալժան: Այս նոր Ժան Վալժանը սակայն, թշուառ մը չէ, այլ՝ թշուառական մը, որովհետեւ ինքն իրեն կնքահայր ըլլալէն ի վեր, ձայնի արագութեամբ բայց անձայն կերպով հեռացաւ հայութենէ: