Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան  Կեդր. Կոմիտէի վերջին լիակատար նիստին, Ա. Քոչինեան երկար տեղեկագիր մը կարդացած է երկրի գիւղատնտեսութեան վիճակը պարզելով։

Առանձնապէս մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած է խաղողագործութեան եւ պտղաբուծութեան ճիւղերուն մէջ։ Գիւղատնտեսական մթերքներու յաւելումը հիմնականին մէջ տեղի ունեցած է ոչ թէ ցանքատարածութիւններու ընդարձակման, այլ բերքատուութեան բարձրացման պատճառով։ Հակառակ ձեռք ձգուած այս յաջողութիւններուն, Ա. Քոչինեան ընդունած է, որ «գիւղատնտեսական մթերքներու արտադրութեան մակարդակը զգալի կերպով ետ կը մնայ ժողովուրդին յարաճուն պահանջներէն»։ Այս հաստատումէն ետք, Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի նախագահը մատնանշած է պատճառները.- Որակեալ մասնագէտներու պակասը հիմնական ու առաջին պատճառն է. այսպէս, Քոչինեան յայտարարած է - «Կարելի չէ բնականոն համարել, որ կոլտնտեսութիւններու 629 նախագահներէն միայն 102ը ունին բարձրագոյն մասնագիտական կրթութիւն։ Երկրորդ պատճառը՝ բնական հարստութիւններու անբաւարար օգտագործումն է, երրորդը՝ թեքնիկի ցած մակարդակը (օրինակ. անասնապահութեան մէջ դեռ գերիշխող է ձեռքի աշխատանքը)։ Գոհացուցիչ չէ նաեւ ոռոգման եւ ջրաբաշխական ծրագրի գործադրութիւնը։ Արդարեւ, Ա. Քոչինեանի զեկուցումէն ի յայտ կուգայ, թէ վերջին չորս տարիներու ընթացքին «շահագործման յանձնուած են 59 նոր ջրանցքներ, ջրհաններ եւ ջրամբարներ, արօտավայրերը ոռոգելու համար 28 կայաններ»։ Այսուհանդերձ, «կատարուող աշխատանքները չեն համապատասխաներ» ներկայ պայմաններուն եւ պահանջներուն։ Անասնապահութեան կապակցութեամբ, Ա. Քոչինեան իր զեկուցումին մէջ մատնանշած է երկու ցաւոտ հարցեր։ Առաջինը, որ տարիներու մղձաւանջ մըն է եւ ըստ երեւոյթին անդարմանելի, անասուններու կերի անբաւարարութիւնը, յատկապէս ձմրան ամիսներուն։ Երկրորդը՝ մայր անասուններու քիչ թիւը՝ հանրային հօտերուն 31-32 տոկոսն է միայն։