Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մեր օրերուն, երբ գիտութիւնը եւ մշակոյթը հասած են աներեւակայելի բարձունքներու, երբ գիտութեան, արուեստի եւ արհեստի մարզերուն մէջ ձեռք ձգուած նուաճումները կարելիութիւն ընծայեցին մարդուն թռիչք կատարելու դէպի տիեզերք

եւ խորապէս ծանօթանալու նիւթին կառուցուածքին, գրեթէ անհաւատալի կը թուի, որ երկրագունդի չափահաս բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը գրել-կարդալ չի գիտեր: Երեւութապէս տարօրինակ, բայց իր տրամաբանական պատճառները ունեցող այս կացութիւնը այսօր աւելի եւս կը գրաւէ մարդկութեան ուշադրութիւնը, երբ կ՛ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր զարգացումը եւ յառաջդիմութիւնը դարձած են աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու գլխաւոր մտազբաղումը: Հետեւաբար պատահական չէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 18-րդ նստաշըրջանի օրակարգին վրայ գտնուի համաշխարհային գիծով անգրագիտութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու խնդիրը: «Ամբողջ աշխարհի մէջ անգրագիտութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու համար համագործակցութիւն մը ստեղծելու» հարցը վիճաբանութեան դրուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին մէջ, այն փաստաթուղթին հիման վրայ, զոր պատրաստուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէկ որոշումին համաձայն: ՄԱԿ-ի եւ մանաւանդ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համար մարդկութեան այս չարիքին՝ անգրագիտութեան վերացման խնդիրը կը հանդիսանայ անոր բոլոր ծրագիրներուն գլխաւոր նպատակներէն մէկը՝ սկսած 1946-ի ընդհանուր խորհրդաժողովի առաջին նստաշրջանէն իսկ: Անգրագիտութեան վերացումը եւ անհետացումը պիտի բերեն նաեւ գործօն նպաստ մը այն պայքարին, որ կը մղուի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ ճանաչման ու հասկացողութեան համար եւ, հետեւաբար, նպաստ մը համաշխարհային խաղաղութեան ամրապնդման դատին: Այս իրողութիւնը ընդգծուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 16-րդ նստաշրջանի որոշման մէջ, ուր ցոյց կը տրուի «այն կարեւորութիւնը, որ կը ներկայացնէ կարդալ-գրելը, ինչպէս եւ ընդհանուր ուսումը ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ եւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման համար»: