Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւանի մէջ հրատարակուած առաջին թերթը եղած է «Պսակ»ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսած է 1880 Մարտ 15-ին։ Թերթին հրատարակութիւնը որոշ ընդմիջումներով շարունակուած է մինչեւ 1884 Ապրիլ 7։

«Պսակ»ի հրատարակութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր Երեւանի համար։ Թերթին հրատարակիչ-խմբագիրն էր՝ Վասակ Պապաջանեան, որ այդ օրերուն կը մեղադրուէր ցարական կառավարութեան կողմէ իբրեւ հակառուս քաղաքականութեան հետեւող, քանի որ կը ջատագովէր եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր ազգային-ազատագրական շարժումին։ «Պսակ»ի մէջ խիստ քննադատութիւններ եղած են քաղաքապետին եւ պատկան իշխանութեանց հասցէին, քաղաքը կառավարելու իրենց անճարակութեան համար։ Տեղ գտած են նաեւ պատմաբանասիրական յօդուածներ, գիտական զանազան տեղեկութիւններ, տոմսեր, գրախօսականներ։ 1881 Յուլիսին լոյս տեսած է Երեւանի առաջին ամսաթերթը՝ «Առողջապահական թերթ»։ Միամսեայ այդ հանդէսին կեանքը տեւած է մօտ երեքուկէս տարի՝ 1881 Յուլիսէն մինչեւ 1884 Դեկտեմբեր։ Խմբագիր¬ հրատարակիչն էր տոքթ. Լեւոն Տիգրանեան։ «Պսակ»ի փակումէն քանի մը ամիս ետք փակուած է նաեւ «Առողջապահական թերթը»։ Ասիկա եղած է 1884ի վերջերը, երբ ամսագրին խմբագիրը, ինչպէս նաեւ «Պսակ»ի խմբագիրը եւ ուրիշ մտաւորականներ աքսորուած են քաղաքէն։ Երեւանի պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր խաղացած է «Երեւանի յայտարարութիւններ» թերթիկը, որուն հրատարակիչ-խմբագիրն էր Էմին Տէր Գրիգորեան։ Որոշ ընդմիջումներով թերթիկը, հայերէն շաբաթը երեք անգամ լոյս տեսած է 1883էն մինչեւ 1886 Յունուար ամիսը։ Է. Տէր Գրիգորեան կառավարական պաշտօնեայ էր, այդ հանգամանքով ալ վստահելի մէկը պետութեան աչքին։ Այսուհանդերձ, թերթիկին հայերէն ըլլալու պարագան պատճառ դարձած է, որ ռուս կառավարութիւնը այս թերթն ալ փակել տայ։ Քսաներորդ դարու սկիզբները Երեւանի մէջ յաջորդաբար սկսած են լոյս տեսնել կարգ մը այլ թերթեր՝ ռուսերէն եւ հայերէն։ «Հրազդան», «Նոր Ձայն», «Կռան», «Նոր Մամուլ», «Խօսք»։ Երեւանի մէջ առաջին տպարանը հիմնուած է 1874ին, Զաքարիա Գէորգեանի կողմէ, որ սկիզբը մինակը կառավարած է այդ տպարանը, իսկ ետքը, մէկ-երկու տարի անց, Էմին Տէր Գրիգորեանի հետ միասին։ Ի. դարու սկիզբները Երեւանի մէջ գործած են հինգ տպարաններ։