Տարիներու տքնաջան ու անվհատ աշխատանքէ յետոյ, լոյսին ու պաստառին հասան վերջապէս հայ բառն ու պատկերը։ Հնչեց հայկական նուագը, լուսագրուեցան Մեսրոպեան տառերը եւ յայտնաբերուեցաւ մեր ազատագրական շարժման մէկ դրուագը։
Նիւթը առնուած է Ահարոնեանի «Արեան Ձայնը», պատմուածքէն, «Արիւնապարտը», կոչումով.- զարթօնքի նախաքայլեր, պաշարում, հրդեհ, հայդուկային խմբի մը անհաւասար դիմադրութիւնը, ընտանեկան տառապագին մաքառումներ, սէր եւ զոհաբերութիւն։ Ընկերութիւնը ապահովուած է տնտեսապէս եւ արդէն իր մնայուն գրասենեակն ունի Հոլիվուտի հռչակաւոր «Կոլտվին Մէյր Սթուտիօ»ներուն մէջ, կարող անձնակազմով։ «Հայք» կոչուող այս շարժանկարային ընկերութեան սիւներն են Գէորգ Մարզպետունի եւ Սարգիս Մուրատեան։ Մարզպետունին, որդին կամաւորական փաղանգէն Խնկոյի, յայտնի է որպէս բեմադիր արուեստագէտ, Թեհրանէն եւ Պրազիլիայէն սկսեալ, իսկ Մուրատեանը միջազգային իմաստով դերասան։ Լիլիթ Բասենցեան, որպէս խոստմնալից աստղ, հարսի դերին մէջ, Ալեքս Ֆելեան, Մուսատաղի պատանի մարտիկներէն եւ դրամատեաց հօր դերին, Նորեկ Գրիգորեան, խմբապետի դերին ինչպէս նաեւ Ճոն Նազար եւ Արմէն Սիրունեան ալ իրենց դերերուն մէջ յայտնութիւններ եղան շատերուս։ Յիշատակութեան արժանի է նաեւ, այն միակ մեծահոգի հայը, որ ստանձնած է այս արտադրութեանց նիւթական ծանր պատասխանատուութիւնը։ Կարծեմ թէ թոյլատրելի է յիշել իրաւաբան Մ. Ս. Լիբարեանը, եւ իր տաղանդաւոր տիկինը։ Իսկ տեխնիկական գործի յաջողութեան իր մեծագոյն օժանդակութիւնը բերողներէն է հայազգի Ռալֆ Չափման, ¥Թարխանեան¤, որու հնարած եւ հայթայթած քամերա քրէյնները աշխարհահռչակ են։ Հոլիվուտի մասնագիտական կարող ուժերուն մասնակցութիւնն ալ կը վայելէ մեր «ՀԱՅՔ» Շարժանկարային ընկերութիւնը։ Առ այժմ, ըսենք միայն թէ՝ առաջին յուսալից երեւոյթն է այս իր տեսակին մէջ՝ հիմնուած անխտրական, համահայկական գետնի վրայ, նպատակ ունենալով նպաստել հայ արուեստին, հայ միասնականութեան, նորագոյն սերունդին, հայ համբաւին եւ Հայ Դատին։
Ս. ՌՇՏՈՒՆԻ
(Լոս Անճըլըս)