Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ամերիկացի հռչակաւոր հոգեբոյժ եւ Հաուըրտ  համալսարանի բժշկութեան դասախօս տոքթ. Էվալթ՝ «Պոսթըն Թրեվըլըր» օրաթերթի մէկ աշխատակցին յայտարարութիւններ ընելով բռնական կարգ մը դէպքերու եւ նախագահ Քենէտիի ահաբեկման շուրջ, շեշտած է ի միջի այլոց.

«Չար ուժերու եւ բռնութեան աշխարհի մը մէջ կþապրինք, սակայն, հակառակ վերջին ծանօթ դէպքերուն՝ աշխարհ հաւանաբար աւելի գէշ չէ այսօր, քան էր 10, 20 կամ 500 տարի առաջ։ Աշխարհ թատր հանդիսացած է միշտ վայրագ դէպքերու, բռնական միջոցներու եւ տմարդի վերաբերումներու։ Յիշեցէ՛ք Բիւզանդացիներու կողմէ խողխողումը մանուկներու, նահատակութիւնը քրիս- տոնէութեան առաջին հետեւորդներուն եւ այն կոտորածները՝ որոնց ենթարկուեցան հայերը, յիսուն տարի առաջ։ Բոլոր ժամանակներուն մէջ ալ, այս կարգի բռնութիւններ պատահած են՝ հակառակ տիրող մարդկայնական մտածումներուն»։


Միլանոյի Ազգային Տան սրահին մէջ, իր գործերէն 27 կտորներ ցուցադրած է իտալաբնակ նկարիչ Արտաշէս Գարիպեան։ Արուեստագէտին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուած է Հայ Տան Վարչութեան քարտուղար՝ բժ. Վահան Մալոյեան։ Ցուցադրուած գործերը,- կենդանագրեր, բնանկարներ, ծաղկեփունջեր, իրենց վրայ կը կրեն ներքին երկարօրէն ապրուած խռովքի մը կնիքը, մութին գրաւչութիւնը։ Նկարիչը աւարտած է Միլանոյի Գեղարուեստի Պրերա Ա- կադեմիան, մեծ յաջողութեամբ։


Նիւ Եորքի մօտ, Պրուքլինի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Յարութիւն Աճէմեան, վրձինի անունով Արիէլ։ Հանգուցեալը բնիկ Պրուսացի էր, հազիւ 59 տարեկան։ Երիտասարդ տարիքին, Առաջին Աշխարհամարտին, անցած էր Եւրոպա։ Ուսումը ստացած էր Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ։ Աւարտած էր Վենետիկի նկարչութեան ակադեմիան եւ ապա անցած Փարիզ՝ ուր մնացած էր երկար տարիներ։ 1939-ին մեկնած էր Ամերիկա, ուր իր բազմակողմանի տաղանդը գնահատուած էր լայն հասարակութեան կողմէ։