Գոքինիոյ «Զաւարեան» թատերասիրացը, ներկայացուց ֆրանսացի գրագէտ Ռիշար Ֆոշի «Անմեղի մը գողգոթան», իրական կեանքէ առնուած բիէսը, որ յուզումի պահեր ապրեցուց բոլոր հանդիսականներուն։
Խուռներամ բազմութիւն մը, որ միշտ կը քաջալերէ թատերասիրացի բոլոր ձեռնարկները, ժամանակէն առաջ լեցուցած էր Զաւարեան վարժարանի սրահը։ Որոշուած ժամուն սկսաւ ներկայացումը, որ իր ամբողջութեան մէջ անցաւ շատ յաջող։ Բոլոր դերակատարները իրենց կարելին ըրին եւ արժանացան երկարատեւ ծափերու։ Դերակատարներն էին՝ Յարութիւն Սարաճեան, Մատթէոս Աջապահեան, Կարօ Աւագեան, Յարութիւն Նալճեան, Յարութիւն Երկանեան, օր Սոնա Թերզեան, օր. Շաքէ Պէրպէրեան, Օննիկ Շանկայեան, Գրիգոր Գրիգորեան, Տիգրան Սրապեան, Սուրէն Սափրիչեան։ Բոլորն ալ կրկին ու կրկին բեմ գալու ստիպուեցան, երբ ներկայացումի վերջաւորութեան ներկաները երկարատեւ ծափերով ողջունեցին զիրենք։ Չմոռնանք յիշատակելու որ, պրն. Օննիկ Օհանեան դիմայարդարումի գործը սիրով ստանձնած էր, իսկ թատերգութեան թարգմանիչ պրն. Յարութիւն Մեքթուպճեան ստանձնած էր նաեւ յուշարարի ծանր պաշտօնը։ Ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորելէ ետք բոլոր դերակատարները, մեկնեցան գոհ սրտով։
Եգիպտոսի հելլէններու թիւը այսօր իջած է մօտաւորապէս 27 հազարի, մինչդեռ 1949-ին 77.592 էր, ըստ Եգիպտոսի կառավարական վիճակագրութեան տուեալներուն։ Դէպի Յունաստան վերադարձը կամ տեղափոխումը դէպի այլ երկիրներ պատճառ է որ արտագաղթը կը շարունակուի։ Աղեքսանդրիոյ 42.835 հոգինոց երբեմնի հելլէնական գաղութէն այսօր մնացած են 13 հազար հոգի։
Պուլկարիոյ մէջ վերջերս, բազմաթիւ երիտասարդներ ձերբակալուած եւ բանտարկուած են խաբեբայութեան, գողութեան եւ «ընկերվարական բարոյականի խաթարման» ամբաստանութեամբ։