Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւանը մօտ ապագային պիտի ունենայ մէկ  միլիոն բնակչութիւն։ Քաղաքը պիտի բաժնուի բազմաթիւ շրջաններու, ենթաշրջաններու եւ թաղամասերու։ Պիտի ստեղծուին նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան յարմարաւէտ ու խիտ ցանցեր։

Հինգ տարի առաջ օգտագործման յանձնուած  էր արզնի-Շամիրամ ջրանցքի առաջին մասը։ Ամլութենէ ազատուած հողերուն վրայ հիմնուած են խաղողի եւ պտղատու ծառերու այգիներ։ Արզնի-Շամիրամի ջուրը կեանք տուած է Հայաստանի քարերուն։ 1964-ին նախատեսուած է սկսիլ Արզնի-Շամիրամ ջրանցքի երկրորդ շինութեան, որ պիտի աւարտի 1967-ին։ Երկրորդ մասը շահագործման յանձնուելէ ետք, պիտի ոռոգուի  17 հազար հեկտար տարածութիւն։ Այս տարածութիւնները պիտի ըլլան առատ բերքի աղբիւր։

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ծրագրին համաձայն, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է բնակարանային առողջապահութեան խնդիրներու վերաբերեալ համագումարը, որու մասնակցած են Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ճափոնի, Պուլկարիոյ, Փերուի, Չիլիի, Վենեզուելայի, Եթովպիոյ, Սէյլանի, Հայիթիի, Սուտանի, Ուկանտայի եւայլն երկիրներու մասնագէտներ։

Հայաստանի այգեգործութեան, գինեգործութեան եւ պտղաբուծութեան գիտահետազօտական Ինստիտուտին մէջ մշակուած են ներ տեսակի գինիներ, որոնք պիտի պատրաստուին հայկական խաղողէն եւ պիտի արտադրուին Հայաստանի գինեգործական տարբեր գործարաններու մէջ։ Վեդիի շրջանի «Ծկածիթլէի» եւ «Մսխալի» քաղցրահամ խաղողներէն պիտի պատրաստուի բաց ծղօտի գոյն եւ իւրայատուկ բուրմունք ունեցող նոր տեսակի գինի, որուն պիտի տրուի «Մասիս» անունը, իսկ «Հոկտեմբերեան»ի սպիտակ եւ անուշ խաղողէն պատրաստուած գինին պիտի ունենայ շոքոլայի նրբին համ։ Այս նոր տեսակի գինիները արդէն արտադրութեան յանձնուած են։