Ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց թէ՝ պատրաստուած է կորիզային ռումբ մը, որ կրնայ գործածուիլ պատերազմի դաշտերուն վրայ։
Ռումբը պատրաստուած է բանակին եւ անատական ուժի յանձնախումբին կողմէ։ Կը կարծուի թէ՝ ասիկա աշխարհի մէջ կորիզային ամէնէն փոքր զէնքն է, որովհետեւ, 15 սանթիմ տրամագիծ ունի։ Նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնեց թէ՝ բանակը եւ ծովային հետեւակները արդէն վարժուած են այս զէնքը գործածելու։
Նախագահ Ճոնսըն, երկար խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ իր քաղաքական ու զինուորական գլխաւոր գործակցիներուն հետ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանողական ծախքերու նախահաշուի հարցին շուրջ։ Ամերիկացի նախագահը իր գործակիցներուն հետ քննեց, առանց ազգային ապահովութիւնը վտանգելու, երկրի պաշտպանողական ծախքերը մեծ չափով կրճատելու կերպ մը գտնելու կարելիութիւնը։ Կը կարծուի՝ թէ կրճատումները գլխաւորաբար պիտի ըլլան զինուորական մարզի կարգ մը գիտական ծրագիրներէն։ Նոր նախահաշիւը Յունուարին պիտի ներկայացուի Գոնկրէսին։ Կը կարծուի՝ թէ նոր նախահաշիւը նախագահ Քե- նէտիի կողմէ ներկայացուցածէն աւելի ցած պիտի ըլլայ։
Արեւելեան Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց՝ թէ Ծնունդի տօներուն առթիւ, պատրաստ է Արեւմտեան Պերլինի բնակիչներուն Արեւելեան Պերլին այցելելութիւնը թոյլատրելու՝ հետեւեալ երկու պայմաններով։ Առաջին՝ պէտք է որ Արեւմտեան Պերլինի կառավարութիւնը ուղղակի շփման մէջ մտնէ Արեւելեան Գերմանիոյ կառավարութեան հետ եւ ոչ թէ Պոնի կառավարութեան միջոցով։ Երկրորդ՝ Արեւելեան Պերլին մուտքի արտօնագիր տուող համայնավար գրասենեակները պէտք է հաստատուին Արեւմտեան Պերլինի հողին վրայ։ Արեւմտեան Պերլինի կառավարիչ ու քաղաքապետ պրն. Վիլլի Պրանտ յայտարարեց՝ թէ անընդունելի են այս պայմանները։