Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երէկ կէսօրէ ետք, օդային գծով իր քարտուղարին հետ Փարիզ մեկնեցաւ նախորդ վարչապետ եւ Ազգային Արմատական կուսակցութեան պետ պրն. Գարամանլիս։

Մամլոյ տեղեկութեանց համաձայն, պրն. Գարամանլիս մեկնելէ առաջ, իր մօտ հրաւիրած է նախորդ փոխ-վարչապետ պրն. Քանելոփուլոսը եւ անոր յայտնած է թէ՝ որոշած է կուսակցութեան ղեկավարութենէ եւ քաղաքականութենէ հրաժարիլ եւ արտասահման մեկնիլ։ Նմանապէս յայտնած է, թէ իբրեւ կուսակցութեան ղեկավար առժամաբար զինք կը նշանակէ։ Պրն. Գարամանլիս պրն. Քանելոփուլոսի յանձնած է նամակ մը, որուն մէջ պարզած է իր որոշման պատճառները։ Պրն. Քանելոփուլոս, նիստի հրաւիրած է կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակը, կուսակցութեան ղեկավարութեան համար վերջնական որոշում տալու նպատակով։ Պրն. Քանելոփուլոս, պրն. Գարամանլիսի մեկնումէն վերջ խորհրդակցած է պրն. Բիբինելիսի եւ կուսակցութեան այլ ղեկավար դէմքերու հետ։ Երեկոյեան, տեղի ունեցած է ուրիշ խորհրդակցական ժողով մը, որուն մասնակցած են պրն. Քանելոփուլոս, պրն. Ցացոս, պրն. Ռալիս, պրն. Ավերոֆ, պրն. Բրոթոբաբատաքիս, պրն. Բաբալիղուրաս եւ ուրիշներ։ Գիշերուան ժամը 8։30-ին պրն. Քանելոփուլոս լրագրողներուն հետ տեսակցութիւն մը ունենալով՝ անոնց յանձնեց պրն. Գարամանլիսի նամակի պատճէնը։ Պրն. Քանելոփուլոս լրագրողներէն խնդրեց հարցումներ չուղղել իրեն, տրուած ըլլալով որ ինք առժամաբար ղեկավար նշանակուած է եւ չի կրնար պատասխանատու յայտարարութիւն ընել։ Վարչապետ պրն. Փափանտրէու քաղաքականութենէ հրաժարելու պրն. Գարամանլիսի որոշման մասին տեղեկանալէ ետք, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսած է. «Ազգային Արմատական Միութեան հետ հակադրութիւնը անձնական չէր։ Քաղաքական էր։ Կառավարութեան ուղղութիւնը անփոփոխ կը մնայ»։