Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ վարչութեան բոլոր ձեռնարկները միշտ ալ կ'արժանանան հանրութեան քաջալերանքին ու ջերմ գնահատանքին։ Դեկտեմբեր 1-ի պարհաւաքոյթն ալ կարելի է անոնց կարգին նկատել։
Գոքինիայէն եւ շրջաններէն համակիրներու կոկիկ բազմութիւն մը փութացած էր Զաւարեան սրահը՝ քաջալերելու համար Հ. Կ. Խաչը։ Օրուան նախագահուհի եւ վարչութեան քարտուղարուհի օր. Մարի Աւշարեան, գեղեցիկ խօսքերով բացումը կատարելով իր շնորհակալութիւնները յայտնեց ներկաներուն, ցոյց տրուած ջերմ զգացումներուն համար։ Ան անդրադարձաւ նման ընտանեկան եւ ընկերային հաւաքոյթներու կարեւորութեան։ Փոքրիկն Եղիա Գասարճեանի արտասանութիւնը, ինչպէս նաեւ պրն. Գրիգոր Գիզիրեանի մեներգը յաջող էին եւ ներկաներու ծափերուն արժանացան։ Յետոյ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս պրն. Օննիկ Զաքարեան, որ խնամուած եւ իմաստալից բանախօսութեամբ վեր առաւ Հ. Կ. Խաչի գերազանցապէս գնահատելի աշխատանքները հայ կեանքէն ներս, ըլլայ բարոյական, ըլլայ կրթական եւ կամ բարեսիրական գետնի վրայ։ Եւրոպական պարերով շարունակուեցաւ հաւաքոյթը միշտ ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ։ Օր. Ալիս Կարապետեան իր ասուլիսներով եւ զուարճախօսութիւններով լաւ տրամդրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։ Կ. Խաչեան քոյրերու պատրաստած համեղ աղանդերներով հիւրասիրուեցան ներկաները, եւ լաւ տպաւորութեամբ ուշ ատեն մեկնեցան սրահէն։
Հայաստանի Հեռագրական Գործակալութեան ներկայացուցիչը տեսակցութիւն մը ունեցած է Իւնեսքոյի միջազգային երաժշտական խորհուրդի քարտուղար՝ Ճէք Պորնիֆի հետ, որ վերջերս Հայաստան այցելած է։ Ճէք Պորնիֆ հիացումով արտայայտուած է Արամ Խաչատուրեանի, Սայաթ Նովայի եւ Եդ. Միրզոյեանի մասին։ Ուշագրաւ գտած է անոնց երաժշտական արուեստը։ Գոհար Գասպարեանի մասին ըսած է, թէ ան հոյակապ երգչուհի է, «արտասովոր, անծանօթ, բայց դիւթիւչ բան մը ունէր իր մեկնաբանութիւնը»։