Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի կրկէսը մօտ երեք ամիսէ ի վեր  Չեխոսլովաքիա կը գտնուի եւ ամէն տեղ մեծ խանդավառութեամբ եւ պատիւներով կ'ընդունուի։

Այժըմ կրկէսը տեղաւորուած է Փրակայի Վրշովիցէ կոչուած թաղին խոշոր հրապարակին վրայ, երեւանեան փողոցին մօտերը։ Իրենց մարինկոտներով մէկտեղ կարելի եղաւ Երեւանի կրկէսը տեսնել նաեւ ֆիլմերու եւ չեխ նկարիչներու գործերուն մէջ։ Ինչպէս արդէն ծանօթ է, կրկէսը այս արուեստի ճիւղերը յաճախ հրապուրած է։ Երեւանի կրկէսը, թէեւ շատ կենդանիներ չունի, բայց հարուստ է իր ճարպիկ արթիստներով, որոնք իրենց զարմանահրաշ ու ճկուն ելոյթներով ապշեցուցին հանդիսատեսները։ Շատ հետաքրքրական էր ճերմակ նժոյգներու ճկուն ու նազելի պարը։ Գետաձին որ դժուար սորվող ու բթամիտ կենդանի մըն է, քանի մը տեսակ խաղեր սորված է։ Կրկէսը ուրնի նաեւ զանազան թռչուններ՝ արագիլ, կռունկ եւ արծիւ, որոնց ալ զանազան խաղեր սորվեցուցած են։ Ցոյց տրուեցաւ թէ ինչպէս հսկայ արծիւ մը օղակէ մը բռնած կը դառնայ խոշոր վրանին տակ։ Կրկէսի լարախաղացներու բաժինն ալ շատ ճոխ էր։ Հայկական կրկէսը հազիւ 7-8 տարուան գոյութիւն ունի, կազմուած է 1956-ին Մոսկուայի Հայկական Արուեստի Տասնօրեակին առթիւ, եղած է նաեւ արտասահմանեան ուրիշ երկիրներ։

 

 

Աստղագէտ Վ. Համբարձումեան Մ. Նահանգներէն վերադարձին, Երեւանի Մատենադարանին տարած է արեւելեան ութ հին ձեռագրեր՝ վեցը արաբերէն, մէկը պարսկերէն եւ մէկն ալ հինտի լեզուով գրուած ձեռագիր մը։ Ութ հին ձեռագիրները, Երեւանի Մատենադարանին նուիրած է ամերիկաբնակ ազգային մը՝ Յար. Նազարեան, որ ուրիշ առիթներով ալ, արաբերէն, պարսկերէն եւ թրքերէն 277 ձեռագիրներ նուիրած է։ Ասոնցմէ զատ, այս տարի, Մատենադարանը ձեռագիրներ ստացած է Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Հնդկաստանէն եւ Հայաստանի զանազան շրջաններէն։ Նոր ստացուած ձեռագիրներուն մէջ են ԺԴ. դարու «Աստուածաշունչ» մը, ԺԸ. դարու «Բժշկարան» մը, Ղուկիանոր երգիչին 1843ի «Տաղարանը, եւ այլն։