Թղթակցութիւն մը լոյս տեսած էր՝ Մ.Մ.Օ. ստորագրութեամբ, Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամական ժողովին, որը տեղի ունեցաւ նորակառոյց Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ։
Անվարան կարելի է ըսել, թէ աննախընթաց հաւաքոյթ մըն էր ասիկա։ Ճիշդ ժամուն սրահը լեցուած էր, լեցուած՝ բառին իսկական առումով, ամէն տարիքէ տիկիններով եւ օրիորդներով, որոնք նստած էին սեղաններու շուրջ եւ կը զրուցէին իրար միջեւ։ Տիկ. Ա. Յարութիւնեան նախ կարդաց բարի գալուստի պզտիկ գրութիւն մը եւ ապա զեկուցում տուաւ այս տարուան Ֆիքսի վարչութեան կազմի եւ մինչայժմեան գործունէութեան շուրջ։ Յետոյ, իր ջերմ շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք ինչպէս միշտ այս անգամ եւս փութացած էին քաջալերել վարչութեան այս ձեռնարկը։ Շեշտեց՝ թէ առանց ժողովուրդի քաջալերանքին՝ վարչութիւնները ոչինչ կրնան ընել։ Յոյս յայտնեց՝ թէ ինչպէս մինչեւ հիմա, այսուհետեւ եւս, Հ. Կ. Խաչի անդամուհիներն ու համակիր տիկիններն այսպէս խուռներամ պիտի փութան բոլոր ձեռնարկներուն, նկատի ունենալով որ Հ. Կ. Խաչը կանացի միակ կազմակերպութիւնն է, որուն մէջ թէ՛ աշխատելով իբրեւ վարչական եւ թէ՛ զայն քաջալերելով նիւթապէս եւ բարոյապէս, հայ կինը ինքզինք կը զգայ հոգեպէս բաւարարուած։ Յետոյ, տիկին նախագահուհին անցաւ յայտագրի գործադրութեան։ Յաջորդաբար յաջող արտասանութիւններ ըրին օր. Թագուհի Կենդանեան, Անթառամ Պօղոսեան եւ Մարօ Գալայճեան։ Սակայն, այս հաւաքոյթին իրական անակնկալը օրուան դասախօս ընկ. Նուպար Աճէրեանն էր, որ բեմ հրաւիրուելով՝ ըրաւ շատ խնամուած դասախօսութիւն մը՝ «Խառն ամուսնութիւնները» նիւթին շուրջ։ Դասախօսութենէն վերջ, ներկաները հիւրասիրուեցան թէյով ու խմորեղէններով։ Յետոյ, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը, եւ բախտաւոր թիւերը շահեցան հայկական տարազներով երկու պուպրիկներ, զորս պատրաստած էր օր. Երանուհի Կարապետեան։ Հաւաքոյթը փակուեցաւ եւ ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ, շնորհաւորելով վարչութիւնը։