Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ամենայն հայոց հայրապետը՝ Վազգէն Ա. այցելած է «Յուսաբեր»-ի տունը, ուր ի պատիւ վեհին գեղեցիկ հանդէս մը կազմակերպուած էր շքեղ թատերասրահին մէջ եւ ընդունելութիւն մը՝ «Նաւասարդ» սրահին մէջ։

Գահիրէի մեր պաշտօնակիցը՝ «Յուսաբեր» մանրամասնութիւններ կու տայ հովուապետական այս այցելութեան մասին, որ տեղի ունեցած է շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Երբ վեհափառը թատերասրահէն ներս մուտք գործած է, այնտեղ հաւաքուած 1000 հոգի խելայեղ ծափահարութիւններով դիմաւորած են զայն։ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան նախագահ Աւետիս Չաքըճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք գործադրուած է մասնաւոր կերպով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը։ Եղած են արտասանութիւններ, երգ ու նուագ։ ՀՅԴ Երիտասարդաց միութեան անդամ-անդամուհիներուն կողմէ պատրաստուած եւ «Անուշ» օփերայէն առնուած տեսարան մը ներկայացուած է եւ տեղի ունեցած՝ հայկական, ուքրանական եւ այլ պարեր։ Բանախօսած է Բէգլար Նաւասարդեան, որ յուզիչ եւ խանդավառ ճառով մը վեր առած է վեհափառ Վազգէն եւ վեհափառ Խորէն կաթողիկոսներու պատմական անկիւնադարձ կազմող ողջագուրումին իմաստն ու տարողութիւնը, իր համահայկական բնոյթով ներկայի ու ապագայի տեսակէտէն։ Ապա, բեմ բարձրացած է վեհափառը։ Պահ մը լուռ մնացած է, յայտնապէս «յուզուած»՝ ի տես իր այդ հայրենասէր եւ էջմիածնասէր զաւակներուն, կը գրէ «Յուսաբեր», որոնք իրեն վերապահած էին իր բոլոր ակնկալութիւնները գլող անցնող նման ընդունելութիւն մը»։ Վեհափառը սկսած է իր խօսքին՝ հայրական, հայրենասիրական ջերմ շունչով։ Խօսած է մեր ժողովուրդի ցաւերուն, մեր ժողովուրդի յաղթանակներուն, մայր հայրենիքի վերելքի ճամբուն վրայ կատարած նուաճումներուն, Ս. Էջմիածնայ իրականացումներուն եւ մեր ժողովուրդի երազներուն մասին։ Խօսելով հայրենիքի մասին՝ ըսած է, թէ հոն շատ բան եղած է, բայց ամէն բան չէ եղած եւ շատ բան կայ դեռ կատարուելիք, բայց մեր արի եւ աշխատասէր ժողովուրդը ժամանակի ընթացքին ատոնք ալ պիտի կատարէ։