Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մեծ քանակութեամբ շաքար, երկաթ եւ այլ  սննդանիւթեր պարունակող արեւելեան արմաւի՝ այս հրաշալի պտուղին հայրենիքը կը նկատուի Միջին Արեւելքը, յատկապէս արաբական երկիրները: Հակառակ Հայաստանի կարգ մը շրջաններու այս պտուղին համար ունեցած բարենպաստ պայմաններուն, երբեք չէր փորձուած արմաւենիներու տնկումը: Միայն 1939-ին

է, որ Ատրպէյճանէն Հայաստան տարուած են արմաւենիներու ծիլեր եւ տնկուած Աղստէֆ գետի հովիտին՝ Իջեւանի շրջանի Ուզունթալա գիւղին մօտերը: Նորատունկ ծառերու արմատաւորումը հիանալից անցած է եւ առաջին իսկ տարին աճած են մինչեւ 130 սանթիմեթր: Ներկայիս այս ծառերը շատ փարթամ են, անոնց բարձրութիւնը կը հասնի 6-7 մեթրի, իսկ սաղարթներուն տրամագիծը՝ հինգ մեթրի: Ուզունթալայէն զատ, արմաւենիներ յաջողութեամբ տնկուած են Ալավերտիի, Իջեւանի եւ Մեղրիի կարգ մը գիւղերուն մէջ: Բոլոր վայրերուն մէջ ալ լաւ կÿաճի եւ կը պտղաբերի:

- Օգոստոսին 600 զբօսաշրջիկներ այցելած են Հայաստան: Լեհաստանէն եկած են 160, Ֆրանսայէն՝ 105, Մ. Նահանգներէն՝ 86, Լիբանանէն՝ 25 եւայլն: Այս տարի աւելցած է նաեւ արտասահման՝ Անգլիա, Հունգարիա, Պուլկարիա, Հնդկաստան եւայլն մեկնող հայ զբօսաշրջիկներուն թիւը: Երեւանի թերթերուն համաձայն, հինգ հարիւրէն աւելի եղած է արտասահման մեկնող հայ զբօսաշրջիկներու թիւը:

- Հանրակառքերով Երեւանի կապուած են Հայաստանի քաղաքները, գիւղերը եւ աւանները, ինչպէս նաեւ Երեւանէն հանրակառքեր կը մեկնին դէպի Սոչի, Պաքու, Թիֆլիզ, Ախալքալաք, Աղստաֆա, Ստեփանակերտ, եւայլն: Վերջին ութ ամիսներուն հանրակառքերով ճամբորդողներուն թիւը եղած է չորս միլիոն: