Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունաստանի Հայոց Առաջնորդարանէն կը յայ տարարեն թէ Փաթրասի բարեպաշտ ազգայիններէն՝ այրի տիկին Հայրենիցա Գալէնտէրեան, Պրուսայի Ենիճէ գիւղէն, երկարատեւ հիւանդութենէ մը յետոյ, իր յաւիտենական հանգիստը մտնելէ առաջ,

պաշտօնական կտակագրով եւ ազգային ու եկեղեցասիրական կանխորոշեալ նպատակներով՝ հետեւեալ գումարները ձգած է, կտակակատարութեամբ Փաթրասի պատ. Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Օննիկ Աթթարեանի, որ Աթէնք ժամանելով՝ անձամբ գործադրեց հանգուցեալ բարերարուհիին կամքը։ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցիին՝ 35 անգլիական հնչուն ոսկի,  Աթէնքի Հայոց Առաջնորդարանին՝ 20 անգլիական հնչուն ոսկի,  Ազգ. Միացեալ վարժարաններու կրթական խորհուրդին՝ 10 ան- գլիական հնչուն ոսկի։

Պարսկաստանի Շահին եւ Կայսրուհիին հրաւէրով՝ վերջերս Պարսկաստան այցելութեան ընթացքին, Հոլանտայի Ճուլիանա թագուհին, ամուսինը՝ իշխան Պերնար եւ գահաժառանգ իշխանուհի Պէաթրիս, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարին, դեսպանին եւ կցորդին,  ինչպէս նաեւ Սպահանի նահանգապետ տոքթ. Փարսայի ընկերակցութեամբ այցելած են Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչեան վանքը, ուր մուտք գործած են Ազգային վարժարաններու աշակերտներու ծափերուն տակ։ Իրանահնդկաստանի թեմի առաջնորդ գերպ. Տ. Ներսէս վարդապետ Բախտիկեան բարի գալուստ մաղթած է բարձր հիւրերուն։

Հոկտեմբերի ընթացքին, Երեւանի մէջ գումար- ւած է միջազգային համագումար մը, քննելու համար բնակարաններու առողջապահական հարցերը։ Այս համագումարը, որ տեղի ունեցած է առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան թելադրանքով, տեւած է քանի մը օր։ Աշխատանքներուն մասնակցած են իրենց ներկայացուցիչներով Անգլիա, Ֆրանսա, Ճափոն, Պուլկարիա, Եուկոսլավիա, Պրազիլ, Փերու, Չիլի, Վենեզուէլա, Եթովպիա, Սէյլան, Հայիթի, Սուտան, Ուկանտա եւ այլ երկիրներ։ Հայաստանի ներկայացուցիչը եղած է առողջապահութեան նախարարը՝ Զ. Նարիմանով։