Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Սովետական Հայաստանի Հոկտեմբեր վեցի  թիւին մէջ երկու յօդուածագիրներ երկարօրէն կը խօսին Հայաստանի մարմնակրթութեան մասին, որ հեռու է նախանձելի ըլլալէ։

Ատենէ մը ի վեր, Հայաստանի մարզիկները եւ մարմնակրթական խումբերը իրերայաջորդ ձախողութիւններ կ'արձանագրեն համամիութենական (Խորհ. Միութեան բոլոր երկիրներու) մրցումներուն մէջ։ Մինչեւ իսկ ետ մնալով Հայաստանի նախկին մրցանիշներէն։ Խորհրդային բոլոր երկիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերու ընթացքին, հայ մարզիկները համեմատաբար յաջող դուրս եկած են սուսերամարտի, դասական ձեւի ըմբշամարտի, ջրացատկի (փլոնժոն), ժամանակակից հնգամարտի եւ հրաձգութեան մէջ։ Յատկապէս աչքի զարկած են պատանի մարզիկները։ Հայաստանի հաւաքական խումբին արձանագրած 239 կէտերէն 81ը արձանագրուած է իրենց շնորհիւ։ Վ. Կիզոյեան երիտասարդներուն մէջ սահմանած է ծանրութիւն բարձրացնելու համաշխարհային մրցանիշը։ Հայաստանի մարզիկներու խումբը շահած է 2 ոսկէ, երեք արծաթէ եւ հինգ անագապղինձէ նշաններ եւ արժանացած 17 վկայագիրերու։ Այսուհանդերձ Հայաստանի խումբը դասաւորութեան կարգով խիստ նահանջ մը արձանագրած է Խորհ. Միութեան Ա. եւ Բ. Ողիմպիականներու տեղերուն համեմատութեամբ։ Այսպէս, Առաջին ողիմպիականին Հայաստան գրաւած է 9-րդ տեղը, երկրորդին՝ 10-րդ, իսկ այս անգամ՝ 13-րդ տեղը։ Ողիմպիականի մասնակցող ազգային խումբերէն Հայաստանի խումբը միակն է, որ դասաւորումի կարգին մէջ ետ գացած է երեք կէտով։ 1959-ի երկրորդ ողիմպիականին, Հայաստան շահած է խմբական չորս մրցանակ, մինչ այս տարի՝ մէկ հատ, այն ալ վեցերորդ տեղը։ Թեթեւ մարզական խաղերու մէջ, Հայաստան գրաւած է նախավերջին տեղը։ Նախավերջին տեղը գրաւած են նաեւ լուղորդներու, թիավարողներու խումբերը, իսկ ձիավարները՝ 17րդ եւ վերջին տեղը։