Հոկտեմբեր 30-ին տեղի ունեցած է Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի բացումը։
Որոշեալ ժամուն մտաւորականներէ բաղկացած ստուար բազմութիւն մը հաւաքուած է բնակարանին առջեւ, ուր խօսք առած են կրթական նախարարութեան փոխ-նախագահ Սամսոն Գասպարեան, ինչպէս նաեւ Գրողներու Միութեան կողմէ Ստեփան Զօրեան։ Ապա ներկաները ներս մտած են թանգարանէն, որ երկյարկանի շէնք մըն է ուր ցուցադրուած են Իսահակեանի անձնական գոյքերը - նկարներ, գիրքեր, զանազան պատմական եւ արժէքաւոր գրութիւններ, անցեալի յիշատակներ եւն։
Հոկտեմբեր 24-ին, Երեւանի օփերայի կից «ֆիլհարմոնիա»յի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Արա Պարթեւեանի նուագահանդէսը, իր գործերուն նուիրուած, մասնակցութեամբ պետական սենֆոնիկ նուագախումբին եւ երգչախումբին։ Հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղած է։ Երգչուհի Արմինէ Թիւթիւնճեան կատարած է «Տատրագոմի Հարսը» օփերային մեներգները։ Երեւանի մտաւորական եւ գեղարուեստասէր հասարակութիւնը ողջունած եւ գնահատած է ֆրանսահայ երաժիշտը եւ իր գործերը։ Հոկտեմբեր 30-ին, Երգահաններու Տան մէջ ընդունելութիւն մը կատարուած է, կազմակերպութեամբ նախագահ Էտկար Միրզոյեանի։
Հայաստանի Ակադեմիայի գրականութեան կաճառը մշակած է ծրագիր մը, լաւագոյն ձեւով նշելու համար Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակը։ Մշակուած ծրագրին մաս կը կազմէ նոր գիրքերու հրատարակութիւնը։ Ինչպէս յայտնի է Սայաթ Նովայէն մեզի հասած են 2 արժէքաւոր ձեռագիրներ. առաջինը անոր խաղերուն ինքնագիր հաւաքածոն է. ծանօթ «Տետրակը» որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանը, իսկ երկրորդը Սայաթ Նովայի ընդօրինակած գրչագիր մատեանն է, իր արժէքաւոր յիշատակարաններով։ Այս վերջինը կը գտնուի Երեւանի Մատենադարանին մէջ։