Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Չոպանեան Զ. ստորագրութեամբ թղթակցութիւն  մը լոյս տեսած էր ուր կը գրէր հետեւեալները.- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ այցելութիւն մը կազմակերպել դէպի Իլիուբոլիի Ծերանոցը, ուրախացնելու համար հոն պատսպարուած մեր մամիկներն ու պապիկները։

Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 29ին։ Մեր մէջ կը գտնուէր նաեւ Ֆիքսի Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի տնօրէն պրն. Օննիկ Զաքարեան, որ եկաւ սիրայօժար, իր հետ բերելով նաեւ մի քանի աշակերտներ, որպէսզի իրենց արտասանութիւններով եւ երգերով ուրախացնեն պապիկներն ու մամիկները։ Երբ հասանք Իլիուբոլիս, անմիջապէս շրջապատուեցանք մեզի սպասող տարեցներով, որոնք մեզի բարի գալուստ մաղթելէ ետք, սկսան հետաքրքրուիլ իրենց հին բարեկամներով եւ տեղեկութիւններ ուզել անոնց մասին։ Որոշուած ժամուն՝ սրահը լեցուած էր արդէն։ Բացման խօսքը ըրաւ ընկ. Օննիկ Զաքարեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ասպնջական հելլէն ժողովուրդին ու պետութեան, հայ ժողովուրդին հանդէպ ցոյց տուած հիւրընկալութեան եւ համակրանքին համար։ Ըսաւ՝ թէ յունահայութիւնը յաւիտեան երախտապարտ է Յունաստանի, որովհետեւ, կը վայելէ իրական քաղաքացիի մը գրեթէ բոլոր իրաւունքները։ Յետոյ անդրադարձաւ հայ կնոջ դերին՝ թէ ընտանիքին եւ թէ ազգապահպանման գործին մէջ։ Շեշտեց թէ մեր քոյրերը իրենց հանգիստն ու անձնական գործերը լքած՝ տունէ տուն կը շրջին ու նուէրներ հաւաքելով կ'օգնեն բոլոր կարօտեալներուն, անկարներուն ու մանաւանդ կþուրախացնեն որբերը։ Կþօգնեն մասնաւորաբար մեր վարժարաններուն, ուր կը պատրաստուին ապագայ հայ քաղաքացիները։ Ընկեր Զաքարեան Խաչուհիներուն ուժ եւ կարողութիւն մաղթելով վերջացուց իր խօսքը։ Յակոբեան վարժարանի աշակերտները ըրին յաջող արտասանութիւններ՝ արժանանալով ներկաներու ծափերուն։ Մէջ ընդ մէջ ունկնդրուեցան երիզագրուած հին ու նոր երգեր։ Նմանապէս ցուցադրուեցան Գանատայի եւ այստեղի հայկական կեանքէն առնուած ժապաւէններ։ Իր վերջոյ, Ծերանոցի բնակիչներուն բաժնուեցան Խաչուհիներու կողմէ յատկապէս պատրաստուած համեղ անուշեղէններ։ Ընկ. Զաքարեան ըսաւ՝ թէ Կապոյտ Խաչը կրկին պիտի այցելէ Իլիուբոլիս։ «Տէր Ողորմեա»ի երգեցողութեամբ աւարտեցաւ երեկոն: