Գրաւոր զանազան հին աղբիւրներ կը յիշատակեն հին Հայաստանի տաճարներուն մէջ գոյութիւն ունեցող աստուածներու քարակերտ, մետաղեայ եւ փայտէ բազմաթիւ քանդակներու գոյութիւնը։ Ասոնց մէկ մասը քանդակուած է իրենց գտնուած վայրին մէջ, մէկ մասն ալ բերուած է Միջագետքէն, Փոքր Ասիայէն եւ Հելադայէն։ Գառնիի ամրոցին, տաճարին եւ հայ թագաւորներուն ամարանոցը եղող շինութիւններու շրջագիծին մէջ պեղումներու ժամանակ հնագէտները յաճախ կը գտնեն ճարտարապետական մարմարակերտ բեկորներ։ Բայց միայն բեկորներ։ Ամրոցը (շինուած է Ք. Ա. 3-րդ դարուն) քանդուած է առաջին դարուն Հռոմէացի զօրավար Քորփուլոնի ձեռքով եւ հոն գտնուած բոլոր արժէքաւոր առարկաները (թերեւս նաեւ՝ քանդակները) կամ կոտրուած են եւ կամ կողոպտուած։ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի հնագիտական արշաւախումբը այս օրերուն, տաճարին, դաստակերտին եւ պալատին շրջագիծին մէջ յայտնաբերած է արձանի մը իրանը (մարմինը մէջքէն վեր, առանց գլուխին եւ թեւերուն), ծածկուած հին յունական տարազով մը՝ ծալքերով պարեգօտով մը։ Արշաւախումբին ղեկավար Բաբգէն Առաքելեանի ենթադրութեամբ՝ իրանը դեռահաս աղջկան մը արձանին մէկ կտորն է։ Պարեգօտին ծալքերը ինքնատիպ են, որով արձանը կը տարբերի յունական հին քանդակագործութեան ծանօթ նմոյշներէն։ Ասիկա Հայաստանի հելլենական շրջանին պատկանող յուշարձան մըն է։ Արձանը կամ զետեղուած էր որբնախորշի մը մէջ եւ կամ՝ մաս կը կազմէր ընդհանուր քանդակախումբի մը։ Այս արձանին շնորհիւ կը հաստատուի, որ հին Հայաստանի մէջ մեծ ծաւալ ստացած էր քանդակագործութիւնը։
- Գրական երեկոյ մը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ Շահան Շահնուրի ծննդեան 60-ամեակին առթիւ։