Հայաստանեայց եկեղեցին պատմական օր մը ապրեցաւ անցեալ Շաբաթ օր, երբ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. ե Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. ողջագուրուեցան՝ վերջ տալով Ս. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի միջեւ եօթը
տարիներէ ի վեր արհեստականօրէն ծնունդ առած տարակարծութիւններուն եւ վէճերուն։ Հայ ժողովուրդը, իր ընդհանրական ապրումներուն մէջ, խորապէս կապուած իր եկեղեցիին, զոր կը նկատէ ամուր կռուաններէն մէկը իր գոյութեան, խանդավառութեան պահեր ապրեցաւ այս քանի մը օրերու ընթացքին՝ իր միասնականութեան ճամբուն վրայ նետուած կարեւոր քայլ մը նկատելով երկու վեհերուն հանդիպումը։ Բացառիկ կերպով սրտապնդիչ ու խրախուսիչ են այն յայտարարութիւնները, որ մեր նուիրապետական զոյգ աթոռներուն գահակալները ունեցան Երուսաղէմի մէջ՝ թարգման հանդիսանալով այն խոր ցանկութեան, որ ամբողջ հայութեանն է, վեր բոլոր տեսակի կողմնակի հաշիւներէ եւ նկատումներէ։ Երկու վեհերը իրենց յայտարարութիւններով նուիրագործեցին այն, ինչ որ տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդին խորունկ համոզումը եղած էր։ Այլ խօսքով, եկան հաստատելու, թէ հինէն ի վեր «Ս. Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներու վեհափառ ու սրբազան գահակալները, բոլոր դժուարութեանց առթիւ, մէկը միւսին օգտակար լրացուցիչները եղած են։ Հոն, ուր Էջմիածինը չէ հասած, հասած է Կիլիկիան։ Հոն, ուր Կիլիկիան չէ հասած, հասած է Էջմիածինը»։ Ոչ մէկ պատճառ կայ, եօթը տարիներու անհասկացողութիւններէ եւ անտեղի տագնապէ մը ետք, որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները չվերագտնեն համերաշխութեան նոյն ուղին, որ հայութեան պահանջն է, հայութեան իտէալներուն եւ ձգտումներուն իրագործման գրաւականը։ Անկախ տեղական բնոյթ կրող բոլոր պայքարներէն, որոնք հանրային կեանքին մէջ անխուսափելի են, հայ ժողովուրդը պէտք ունի միասնականութեան՝ իր հիմնական նպատակներուն հասնելու գծով։ Կարեւորը այն է, որ մեր հանրային կեանքը ընթանայ այդ ուղիով՝ փոխանակ ճապաղելու մասնակի երեւոյթներու մէջ։