Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հոկտեմբեր 26-ին, ազատատենչ եւ հաւատաւոր հայութիւնը փութացած էր Փարիզի 6-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի սրահները, Դաշնակցութեան գաղափարական վսեմ ոգիով հաղորդուելու, հպարտանալու իր փառաւոր անցեալով եւ յուսադրուելու համար ապագայով։ Եկած էր անգամ մը եւս իր վստահութիւնն ու համակրանքը վերանորոգելու այն մեծ կազմակերպութեան հանդէպ, որ 73 տարիէ ի վեր, զոհաբերութեամբ լծուած է իր դատին ու իրաւունքներուն պաշտպանութեանը եւ կը մարտնչի բոլոր տեսակի ներքին թէ՛ արտաքին թշնամիներու դէմ, իր անընկճելի ու առնական կեցուածքով։ Վարագոյրը կը բացուի. բեմը զարդարուած է հայկական ու ֆրանսական Եռագոյներով։ Կը թնդայ «Մշակ Բանուոր»ը։ Ներկաները յոտնկայս ու երկիւղածութեամբ կþունկնդրեն։ Օրուան նախագահ՝ ընկ. Կարօ Մեհեան, բեմ կը բարձրանայ ծափերու մէջ ու կը սկսի իր բացման խօսքը։ Նախագահին հրաւէրով ներկաները յոտնկայս վայրկեանի մը լռութեամբ յարգեցին մեր բոլոր հերոսներուն յիշատակը։ Բեմ կը հրաւիրուի Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի ներկայացուցիչը՝ ընկ. Հրայր Թորոսեան, որ յանուն իր կազմակերպութեան կը կարդայ ուղերձ մը։ Օր. Էլիան Նիկողոսեան յուզումով արտասանեց Ա. Ահարոնեանի «Աշուղը»։ Օրուան բանախօսը՝ ընկ. Արլէն Փափազեան կարդաց գրաւոր ճառ մը։ Օր. Մայտա Մարգարեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Գ. Մաքինաճեանի երգած մէկ քանի մեներգներէն ետք, բեմ եկաւ Հ.Յ.Դ. Իսիի Նոր Սերունդի պարախումբը, ղեկավարութեամբ օր. Քէօշկէրեանի, եւ իր հայկական ու կովկասեան պարերով ծափեր խլեց ներկարնեէն։ Գեղարուեստական բաժնին լաւագոյն մասը վերապահուած էր մեր տաղանդաւոր խմբավար ընկ. Կարպիս Ափրիկեանի ղեկավարած քառեակին, որ յետոյ տասնեակի վերածուելով, ներկայացուց բազմաձայն երգեր։ Պեռնար Տէտէճեանի կողմէ ղեկավարուած նուագախումբին մէկ քանի կտորներով վերջ գտաւ գեղարուեստական բաժինը։ Կէս գիշերէն յետոյ սկսան եւրոպական պարերը, Տէտէճեան նուագախումբի ղեկավարութեամբ, խրախճանքներն ու կերուխումը տեւեցին մինչեւ առաւօտ։