Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Երեւանի պետական համալսարանի գործերով զբաղող կուսակցական կազմակերպութեան նիստին դիտել տրուած է, թէ անբաւարար է արժէքաւոր նոր գիրքերու եւ գիտական հաւաքածոներու հրատարակութիւնը կը ձգձգուի ամիսներով, նոյնիսկ տարիներով։ Անուշադրութեան մատնուած է կարգ մը ճիւղերու մասնագէտներու պատրաստութիւնը։

- «Սով. Հայաստան»ի Հոկտեմբեր 12ի թիւին մէջ «Նոր հայրենադարձութեան մէկ տարին» խորագրով գրութիւն մը զետեղած է ներգաղթի պատասխանատուներէն՝ Հ. Խաչատրեան։ Յօդուածագիրը ի մէջ այլոց կը գրէ.¬ «1962 Հոկտեմբեր 12-ին, Պաթում¬Երեւան շոգեկառքը Կիրովական բերաւ 336 Կիպրոսահայեր։ Սկիզբ առաւ նոր հայրենադարձութիւնը։ Եւ ահա տարի մըն է, որ կարաւան¬կարաւանի ետեւէ մայր Հայաստանի գիրկը կը վերադառնան անոր պանդուխտ զաւակները։ Մէկ տարուան մէջ Կիպրոսէն, Իրանէն եւ այլ երկիրներէ Հայաստան վերադարձած են 2.433 հայեր։
Երեւանի Ազգային Գրադարանի աշխատակիցներու կողմէ պատրաստուած՝ հայերէն հին տպագրութեանց գրացանկը կը պարունակէ աւելի քան հարիւրեակ մը գիրքեր, որոնք ցարդ անծանօթ մնացած են մասնագէտներուն։  Գրադարանի ցանկը կþընդգրկէ հայերէն առաջին տպագիր գրքի՝ «Պարզատումար»ի հրատարակութեան թուականէն մինչեւ 1800 թուականը երկարող ժամանակաշրջանին, աշխարհի երկու հարիւր տարբեր քաղաքներուն մէջ հրատարակ- ւած աւելի քան հազար գիրքերու մասին ծանօթագրութիւններ։ Գրացանկի հրատարակիչները դիտել կուտան, թէ այս առաջին հատորը հեռու է սպառելէ հին հրատարակութիւնները։ Մատենագէտները պիտի ընդարձակեն իրենց աշխատանքը, նոր նիւթեր հաւաքելու համար այն բոլոր երկիրներէն, ուր գոյութիւն ունին հայկական գաղութներ։ Գրացանկը պիտի բաղկանայ երկու հատորներէ։ Անոնցմէ վերջինը, որ շուտով պիտի յանձնուի տպագրութեան, կþընդգրկէ գրական այն գործերը, որոնք հրատարակուած են 1800-էն մինչեւ մեր օրը: